ՀՌՈՄ – «Ուրպի էթ Օրպի» Զատկական պատգամին մէջ Քահանայապետը անգամ մը եւս յիշած է տեղահան Արցախահայութիւնը

Փրանկիսկոս պապը, Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղած 2024-ի Սուրբ Զատկուան տօնին «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին մէջ անգամ մը եւս յիշած է տեղահանուած արցախահայութիւնը եւ նշած.

«(…) Նմանապէս, կը քաջալերեմ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւնները, որպէսզի միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, անոնք կարողանան շարունակել երկխօսութիւնը, օգնութեան հասնիլ տեղահանուածներուն, յարգել տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը եւ հնարաւորինս շուտ հասնիլ խաղաղութեան համաձայնութեան, որ ըլլայ վերջնական»։

Պատգամէն առաջ Նորին սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած է Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, աւելի քան վաթսուն հազար ուխտաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ։

Խմբագրական