Search
Close this search box.

Հրանդ Տինքի մարդասպանը՝ Օկիւն Սամասթ դիմած է դատարան՝ իր անունը փոխելու համար

Ի յայտ եկած է, որ Հրանդ Տինքի մարդասպանը՝ Օկիւն Սամասթ Նոյեմբեր 15-ին պայմանական ազատ արձակումէն ետք դատարան դիմած է անունի փոփոխութեան համար։

Ենթական իր այս քայլի պատճառներուն մասին պաշտօնապէս չէ արտայայտուած։ Բայց եւ այնպէս ան ուրիշ առիթով յայտարարած է, թէ համալսարանի շրջանաւարտ է, եկամուտ չունի, աշխատանք չունի, ամուսնացած է եւ այլն, եւ այլն։ Ըստ երեւոյթին, ան կ՚ուզէ ձերբազատիլ այդ անունէն նոր ապագայ կառուցելու մտահոգութեամբ։ 

Հետաքրքրական է, որ «պատուաբեր» այդ անունը, որ մինչեւ իսկ ոստիկաններ մղած էր իր հետ հպարտօրէն լուսանկարուելու՝ սպանութենէն անմիջապէս ետք, այսօր բեռ դարձած է մարդասպանին համար։ 

Դատարանը կը քննէ անոր դիմումը։

Աւելցնենք, որ Սամասթի ազատ արձակուելէն ետք, Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան անոր դէմ վարած՝ «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անունով՝ առանց անոր անդամ ըլլալու ոճիր գործել»-ու մեղադրանքով հետաքննութիւնը աւարտած ըլլալով՝ Նոյեմբեր 17-ին մեղադրական եզրակացութիւնը հրապարակուած էր. կը պահանջուի 5-էն 10 տարի բանտարկութիւն։

Այս հարցով դատական նիստը տեղի կ՚ունենայ 2024 Մարտ 6-ին։