Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կը հակադարձէ Փաշազատէի անհիմն մեղադրանքներուն

 

«Պատշաճ պիտի ըլլար՝ Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդը քայլերու ձեռնարկէր՝ կասեցնելու Պաքուի ցեղասպան գործողութիւններն ու հրէշային բարբարոսութիւնները»

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Արցախեան հակամարտութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Հայ եկեղեցւոյ՝ Ազերպայճանէն մնայուն յորդոր-պահանջը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ՝ յարգել իր սեփական պատմական հայրենիքի մէջ Արցախի ժողովուրդի արդար իրաւունքը։ Շեյխ-ու-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ հաւանաբար Հայ եկեղեցւոյ այս կեցուածքը թիւրիմացաբար կը բնութագրէ որպէս վրէժխնդրութիւն։
 
Հայ եկեղեցւոյ հասցէին նման մեղադրանքներ հնչեցնելու փոխարէն պատշաճ պիտի ըլլար, որ Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդը անդրադառնար Պաքուի վրէժխնդրական քաղաքականութեան եւ անոր՝ տարիներէ ի վեր Արցախի ու Հայաստանի նկատմամբ կիրարկած յարձակումին, 2020-ի սանձազերծած պատերազմին, Արցախի բռնագրաւման ու հայաթափման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնազաւթումին, հայ ռազմագերիները ապօրինաբար պահելուն, պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան լայնամասշտաբ քարոզչութեան եւ հայկական պատմական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստագրուած դէպքերուն։
 
Պատշաճ պիտի ըլլար, որ Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդը, ունկնդրէր Հայ եկեղեցւոյ կոչերը եւ իր հոգեւոր հեղինակութեամբ համապատասխան քայլերու ձեռնարկէր՝ կասեցնելու ցեղասպան գործողութիւններն ու հրէշային բարբարոսութիւնները եւ նպաստէր տարածաշրջանին մէջ իրական խաղաղութեան հաստատման»,– նշուած է Մայր Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, թէ Հայաստանի եպիսկոպոսներն ու թեմակալ առաջնորդները Ապրիլ 9-ին հրապարակած էին միացեալ յայտարարութիւն մը, նշելով որ Հայաստանի իշխանութիւններուն յաջորդական զիջումները կ՚օրինականացնեն հայրենի տարածքներու նկատմամբ Պաքուի անօրինական ու կեղծ պահանջատիրութիւնը։

Խմբագրական