Մանուշեանը՝ Պանթէոն. թէ ինչպէս պիտի ընթանայ արարողութիւնը

 

Փետրուար 21-ին Մի­սաք Մա­նու­շեան Պան­թէոն մուտք պի­տի գոր­ծէ իր կնոջ՝ Մե­լինէի հետ։ Էլի­զէեան պա­լատը նա­խատե­սած է մէ­կու­կէս ժա­մուան արա­րողու­թիւն մը Փետ­րուար 21-ին, ինչպէս նաեւ նա­խորդ օր՝ խորհրդան­շա­կան հո­գեհանգստեան հսկում մը Մոն-Վա­լերիէնի մէջ: PCF-ը (Ֆրան­սա­յի Հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թիւնը) եւ CGT-ն (Աշ­խա­տան­քի ընդհա­նուր արհմիու­թիւնը) պի­տի կազ­մա­կեր­պեն ժո­ղովրդա­կան յար­գանքի տուրք:

Փետ­րուար 21-ին հա­մայ­նա­վար, բա­նաս­տեղծ ու բա­նուոր մըն է, որ յա­ւեր­ժօ­րէն մուտք պի­տի գոր­ծէ Պան­թէոն։ Էմա­նիւէլ Մաք­րոն Յու­նիս 18-ին յայ­տա­րարեց, որ ընտրած է Դի­մադ­րութեան հայ մար­տիկ եւ FTP-MOI-ի ռազ­մա­կան պա­րագ­լուխ Մի­սաք Մա­նու­շեանը՝ իր տե­ղը գրա­ւելու Հան­րա­պետու­թեան տա­ճարին մէջ, նա­ցիական­նե­րու կող­մէ 37 տա­րեկա­նին Մոն-Վա­լերիէնի (Սիւ­ռէն, Հօ-տը-Սէն) մէջ անոր գնդա­կահա­րու­մէն 80 տա­րի ետք: Զոյ­գը բաժ­նե­լէ խու­սա­փելու հա­մար Մի­սաք մուտք պի­տի գոր­ծէ Պան­թէոն ու­ղեկցու­թեամբ իր կնոջ՝ Մե­լինէի, որ նոյնպէս դի­մադ­րա­կան մըն էր, որուն իր վեր­ջին նա­մակին մէջ ամու­սի­նը գրեր էր. «Վստահ եմ, ֆրան­սա­ցի ժո­ղովուրդը եւ Ազա­տու­թեան բո­լոր մար­տիկնե­րը ար­ժա­նավել կեր­պով պի­տի մե­ծարեն մեր յի­շատա­կը»։ Ահա հա­սած է այդ պա­հը։

Էլի­զէ, որ հան­դի­սու­թեան կազ­մա­կեր­պիչն է, կը յայտնէ, թէ ներ­կա­յիս Իվ­րիի փա­րիզեան գե­րեզ­մա­նատան մէջ թա­ղուած Մի­սաք Մա­նու­շեանի՝ ֆրան­սա­կան դրօ­շով պա­տուած դա­գաղը իրիկ­նա­մու­տին պի­տի բարձրա­նայ Սուֆլօ փո­ղոցն ի վեր, «Մա­նու­շեանին առնչուող» գունդի մը ու­սե­րուն վրայ։ Այ­նուհե­տեւ, ժա­մը 18.30-ին ֆրան­սա­կան եռա­գոյ­նով լու­սա­ւորուած ու­ղիէ մը պի­տի անցնի Դի­մադ­րութեան մար­տի­կի աճիւ­նը` յի­շատա­կու­մով անոր կեան­քի երեք հիմ­նա­կան շրջան­նե­րուն` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Ֆրան­սա ժա­ման­ման եւ Դի­մադ­րութեան։ Պան­թէոնի ստո­րոտին, ուր նա­խատե­սուած է ձայ­նա­յին եւ լու­սա­յին ցու­ցադրու­թիւն մը, մե­րօրեայ բա­ռամ­թերքով՝ «mapping» մը, որ պի­տի տե­ւէ աւե­լի քան եօթը վայրկեան, ապա Հան­րա­պետա­կան պա­հակա­զօր­քը դա­գաղը պի­տի բարձրաց­նէ քա­նի մը աս­տի­ճան­նե­րէն վեր, որոնք կ՚առաջ­նորդեն դէ­պի գմբէթ:

Feu ! Chatterton պի­տի եր­գէ Արա­կոնը՝ վե­րամ­շա­կուած

Երբ յու­շարձա­նի դռնե­րը բա­ցուին, պի­տի հնչէ ֆրան­սա­ցի եր­գա­հան Փաս­քալ Տիւ­սա­փենի յօ­րինած երաժշտու­թիւնը։ Իսկ Պան­թէոնէն ներս՝ Ազ­գա­յին հա­մագու­մա­րի խո­րանին ճիշդ դի­մացը Պե­տու­թեան ղե­կավա­րը, կեդ­րո­նը զե­տեղուած դա­գաղին առ­ջեւ պի­տի ար­տա­սանէ Մի­սաք Մա­նու­շեանի դամ­բա­նակա­նը, շուրջ 1200 հրա­ւիրեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Կը նա­խատե­սուի աւե­լի քան 150 լրագ­րո­ղի եւ հա­մայ­նա­վար դի­մադ­րա­կանի կեր­պա­րը սեր­տած 600 դպրո­ցակա­նի մաս­նակցու­թիւնը, նաեւ յատ­կա­պէս ֆրան­սա­հայ հա­մայնքէն բազ­մա­թիւ անձնա­ւորու­թիւննե­րու, ինչպէս, օրի­նակ, «Ոճի­րի բա­նակ»-ի (« Armée du crime ») ժա­պաւէ­նի բե­մադիր Ռո­պէր Կէ­տիկեանի, որ հա­ւանա­բար շու­տով կը ստա­նայ իր հրա­ւիրա­գիրը: Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հին հրա­ւէրով ներ­կայ պի­տի ըլ­լայ նաեւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան։

Եթէ արա­րողու­թեան ըն­թացքը,– որ ուղղա­կի պի­տի սփռուի հե­ռատե­սիլէն,– դեռ բո­լորո­վին ճշդուած չէ, բայց եւ այնպէս ստոյգ է, որ Feu ! Chatterton խումբի առաջ­նորդ-եր­գիչ Ար­թիւր Թրե­պուլ պի­տի մեկ­նա­բանէ Արա­կոնի «Strophes pour se souvenir» համ­բա­ւաւոր բա­նաս­տեղծու­թիւնը՝ վե­րամ­շա­կուած, զոր այնքան գե­ղեց­կօ­րէն եր­գած է Լէօ Ֆե­ռէ « L’affiche rouge»-ի մէջ: «Ժա­մանա­կակից եւ չա­փազանց հզօր վե­րամ­շա­կում մը»,– կը խոս­տա­նայ Էլի­զէէն խորհրդա­կան մը: Պահ մը խնդրոյ առար­կայ եղած էր, որ 2009-ին լոյս տե­սած Կէ­տիկեանի վե­րոն­շեալ ժա­պաւէ­նին մէջ Մա­նու­շեանը մարմնա­ւորող Սի­մոն Աբ­գա­րեան կար­դայ Մի­սաքի վեր­ջին նա­մակը Մե­լինէին, բայց կը թուի, թէ այս գա­ղափա­րը չէ ար­ժա­նացած նա­խագահ Մաք­րո­նի հա­ւանու­թեան։

Արա­րողու­թեան աւար­տին, ժա­մը 20-ի շուրջ, Մա­նու­շեան զոյ­գին աճիւ­նը պի­տի ամ­փո­փուի Պան­թէոնի թիւ XIII դամ­բա­րանին մէջ, ուր ար­դէն կը գտնուին գրող Մո­րիս Ժը­նըւուայի եւ ֆրան­քե­ւամե­րիկա­ցի դե­րասա­նու­հի եւ դի­մադ­րա­կան Ժո­զեֆին Պեյ­քը­րի աճիւննե­րը: Մուտքին մօտ պի­տի տե­ղադ­րուի յու­շա­տախ­տակ մը՝ ի պա­տիւ FTP-MOI-ի իրենց 22 միւս ըն­կերնե­րուն, ինչպէս նաեւ անոնց ղե­կավար Ժո­զեֆ Էփշթայ­նին: Սա ամ­բողջ Մա­նու­շեանի խումբի խորհրդան­շա­կան մուտքն է Հան­րա­պետու­թեան սրբա­վայր։

«Սա կ՚ար­ժէ պան­թէոնա­կանա­ցում»,– կ՚ըսէ Էլի­զէ: Հոն նոյնպէս պի­տի փո­րագ­րուին Արա­կոնէն երեք ոտա­նաւոր եւ Մի­սաքի վեր­ջին նա­մակէն հա­տուած մը։

Նա­խորդ օր՝ Փետ­րուար 20-էն 21-ի գի­շերը, Մի­սաք Մա­նու­շեանի դա­գաղը պի­տի ան­ցը­նէ իր վեր­ջին գի­շերը Պան­թէոնէն դուրս՝ Ֆրան­սա­յի մար­տիկնե­րու յու­շա­համա­լիրին դամ­բա­րանին մէջ՝ Մոն-Վա­լերիէն, ուր հե­տեւա­բար ան պի­տի վե­րադառ­նայ «յաղ­թա­կան», իր մա­հէն ութ տաս­նա­մեակ ետք։ Սա Իլ-տը-Ֆրան­սի Յի­շողու­թեան բարձրա­գոյն վայ­րե­րու տնօ­րէն Ժան-Պա­թիսթ Ռո­մէնի խնդրան­քը եղած է՝ «միաւո­րել Դի­մադ­րութեան տար­բեր յի­շողու­թիւննե­րը» այս վայ­րին մէջ, քա­նի որ հոն կը հանգչին Երկրորդ աշ­խարհա­մար­տին նա­հատա­կուած տասնվեց մար­տիկներ, բայց ոչ մէկ՝ Մոն-Վա­լերիէնի մէջ գնդա­կահա­րուած:

Մին­չեւ դամ­բա­րան հաս­նի­լը, հռչա­կաւոր FTP-MOI-ի աճիւ­նը պի­տի անցնի այն նոյն ու­ղե­գիծէն, ուրկէ ան­ցած էր իր մա­հապա­տիժի օրը»,– կը նշէ Էլի­զէ: Առ­նուազն եր­կու ժամ կը նա­խատե­սուի հո­գեհանգստեան հսկու­մը, որուն ներ­կայ պի­տի ըլ­լան զա­նազան անձնա­ւորու­թիւններ, բայց անոնց ինքնու­թեան մա­սին որե­ւէ տե­ղեկու­թիւն չէ հրա­պարա­կուած։ 

Կը նա­խատե­սուի նաեւ ժո­ղովրդա­կան յար­գանքի տուրք, որ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի Փետ­րուար 21-ի կէ­սօրին PCF-ի եւ CGT-ի կող­մէ, Փա­րիզի փո­ղոց­նե­րուն մէջ: PCF-ի Ազ­գա­յին քար­տուղար Ֆա­պիէն Ռու­սել եւ CGT-ի ընդհ. քար­տուղար Սո­ֆի Պի­նէ խօսք պի­տի առ­նեն, խորհրդան­շականօրէն ուղեկցելու համար Միսաք Մանուշեանին՝ դէպի Պանթեոն:

Էմիլիօ Մելէ

«Humanité»

2024 Փետրուար 13 ■

Խմբագրական