Մարզանքը՝ ազատ ու նոր հայկական աշխարհ որոնելու միջոց

Մարտ 28-էն Ապ­րիլ 1, Եւ­րո­հայ­կա­կան 24-րդ խա­ղերը Սպա­նիոյ Պար­սե­լոնա քա­ղաքին մէջ հա­մախմբե­ցին 600 մաս­նա­կից­ներ, 16 եւ­րո­պական եր­կիրնե­րէ։ Պար­սե­լոնա­յի փոքր հա­մայնքը աշ­խուժ է, երի­տասարդ եւ նա­խաձեռ­նող։ Երկրորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը կազ­մա­կեր­պէ Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերը, որոնք պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մաճա­րակէն ի վեր ընդհա­տուած էին։ Մաս կը կազ­մէ Սպա­նահա­յու­թեան, որ կազ­մուած է, մե­ծ մա­սամբ Հա­յաս­տա­նէն վեր­ջին շրջա­նին ար­տա­գաղ­թած հա­յերէ։ Կը հա­շուէ շուրջ 4000 հո­գի։

Սփիւռքա­հայու­թեան պատ­մութեան մէջ, Սփիւռքի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէն զար­մա­նալիօրէն աննկատ մնա­ցած են մար­զանքն ու մար­զա­խաղե­րը, իբր սփիւռքա­հայու հայ­կա­կանու­թեան որո­նու­մի մի­ջոց, ոմանց համար ալ հայ­կա­կանու­թիւնը ար­տա­յայ­տե­լու մի­ջոց, երի­տասարդնե­րը ի­րարու միաց­նող, գրա­ւող ազ­դակ, անդրազ­գայնու­թեան կռուան։ Միշտ լե­զուն, դպրո­ցը, եկե­ղեցին, մշա­կոյ­թը, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոգե­կոչու­մը եւ վեր­ջին շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան ան­ցուդար­ձերն են որոնք առաջ­նա­կարգ տեղ գրա­ւած են։ 

600 մաս­նա­կից, 31 պա­տուի­րակու­թիւննե­րու մէջ բաշ­խուած, որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն մեծ ու փոքր ակումբներ, մշա­կոյթի տու­ներ, դպրոց­ներ, միու­թիւններ … մե­ծագոյննե­րէն՝ ՀԲԸՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, որոնք մի քա­նի մաս­նա­ճիւ­ղեր ու­նին զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ, իսկ՝ փոք­րե­րէն՝ Ֆրան­սա­յի Մոն­փը­լիէ քաղաքի հայ­կա­կան միու­թիւնը…։ Ան­հա­տական մաս­նակցու­թիւնն ալ կա­րելի է, որով­հե­տեւ ան­հա­տական մար­զաձեւեր ալ մաս կը կազ­մեն ծրա­գրին։ 

Մար­զա­խաղե­րը, ըստ երե­ւոյ­թին միջսփիւռքեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մե­ծագոյն ար­տա­յայ­տութիւնն են. սփիւռք­եան ոչ մէկ այլ մի­ջոցա­ռում այսքան մեծ մաս­նակցու­թիւն ապա­հո­ված է։ Հայ­կա­կանու­թեան պա­հանջն է, որ երի­տասարդնե­րը կը մղէ իրարու հետ տես­նուելու, մրցե­լու, խա­ղալու։ Յատ­կա­նշա­կան է ամե­նայն բնա­կանու­թեամբ, միասին եր­կու-երեք օրե­րու ըն­թացքին հա­ւաքա­կան պա­հեր անցընե­լու համար այսպէս քով-քովի եկածներու լե­զու­նե­րու, մշա­կոյթնե­րու, սո­վորու­թիւն­նե­րու, տա­րիք­նե­րու հոն ի յայտ եկող խառ­նա­րանը։ Ներկայի հա­մածիրին մէջ բնա­կանա­բար մար­զա­խաղե­րը առա­ջին դիր­քը կը գրա­ւեն իբ­րեւ հա­մախմբման ազ­դակ, սա­կայն մշա­կու­թա­յին ազ­դակնե­րն ալ ան­պա­կաս են։ Երե­կոնե­րը եւս գրա­ւիչ ու սպա­սուած պա­հեր են, ուր հայ­կա­կան երգն ու պա­րը հա­ւաք­նե­րուն նոյնքան հիմ­նա­կան նպա­տակը կը դառ­նան։ Բայց նաեւ եզա­կի անկնկալ­նե­րու առիթ­ներ կը ստեղ­ծուին, ինչպէս որ պել­ճի­քահա­յերը առա­ջին իրի­կու­նը շուրջ 100 հո­գիի հա­մար «չի­քէօֆ­թէ» պատ­րաստե­ցին, թմբու­մով ու եր­գով հա­մեմե­լով երե­կոյ­թը մին­չեւ ուշ գի­շեր։

Նոյ­նիսկ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մա­գու­մարնե­րը հա­զիւ թէ նոյն թիւով մաս­նակցու­թիւն ապա­հովեն։ Թե­րեւս, միակ նա­խաձեռ­նութիւ­նը որ կը գե­րազան­ցէ՝ չորս տա­րին ան­գամ մը տեղի ունեցող Հա­մահայ­կա­կան ամառ­նա­յին խա­ղերն են, որոնք նոյնպէս մար­զա­կան ոլոր­տին մաս կը կազմեն։ 2023-ի Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերը հա­մախմբած էին 7 000 մաս­նա­կից՝ 41 երկրէ, 181 քա­ղաք­է. Հա­յաս­տա­նի խումբե­րն ալ հաշուելով՝ մաս­նակիցներու թի­ւը կը հաս­նի շուրջ 10 000-ի։ Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերու կազմա­կեր­պիչ յանձնա­խումբը մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերու կազ­մա­կերպիչ յանձնա­խում­բին։ 

Սփիւռքա­հայու­թեան կազ­մա­կերպչա­կան կա­րողա­կանու­թեան հե­տաքրքրա­կան ցու­ցիչ մըն են Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերը. այդ կարողականութիւնը տա­րինե­րու ըն­թացքին ամրացած է եւ ըն­դունուած գրե­թէ բո­լոր քա­ղաքա­կան եւ ոչ-քա­ղաքա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ։ Նիւ­թա­պէս ինքնա­բաւ է, քանի որ կը մաս­նակցին անոնք որոնք կա­րող են նիւ­թա­պէս ապա­հովե­լու իրենց սեփական ծախ­սե­րը։

Դա­րերու խոր­քէն եկած մշա­կոյթ են մրցա­խաղե­րը, մար­զանքը, որոնք չեն պահանջեր հայ­կա­կան մասնաւոր իւ­րա­յատ­կութիւն. տիեզե­րական, հա­մամարդկա­յին հնարքներ են, պա­հանջ։ Թե­րեւս ալ այս իւ­րա­յատ­կութիւնն է՝ ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թե­նէ զերծ ըլ­լա­լու հան­գա­մանքը, որ կը գրա­ւէ երի­տասարդնե­րը. կրօն­քէն, լե­զուէն, աւան­դութիւննե­րէն, կաշ­կանդումնե­րէն ձեր­բա­զատու­ած՝ ան­կաշկանդ, ազա­տօ­ր­­­­էն յարաբերելու, նոր ըն­կե­րու­թիւն, նոր հայ­կա­կան ազատ մի­ջավայր յայտնա­բերե­լու համար։ Հա­մացան­ցի, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու դա­րուն, մար­զանքը կը 

մնայ երի­տասարդնե­րուն համար գրա­ւիչ, զանոնք քով-քո­վի բե­րող, ըն­կե­րու­թիւն ստեղ­ծող, առող­ջութեան, կամ­քի, ու­ժի ու կա­րողու­թեան ցու­ցիչ, գե­ղեցի­կի, գրա­ւիչի, հե­րոսի, ախո­յեանի ստո­րոգե­լի։ Հա­մացան­ցի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը հա­ւասա­րակշռող ու զսպող միջոց։  

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական