Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը աւարտած է իր երկօրեայ աշխատանքները

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ գումարուած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի երկօրեայ նիստերը (19-20 Յունիւար 2024) հասան իրենց աւարտին։

Առկայ հարթակը, որ մինչ այժմ ունեցած է առցանց եօթը նիստեր, ներառած էր հայկական առումով ընդլայնուած աշխարհագրութիւն. արդարեւ, Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ երկօրեայ նիստերով քննարկեցին «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները» թեմային առնչուած հրատապ օրակարգի կէտեր։

Յաջորդաբար քննարկուեցան տարածաշրջանի նորագոյն իրադարձութիւնները, Ազերպայճանի իրագործած ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտման հետեւանքները, միջազգային իրաւական ատեաններու մէջ՝ ռազմագերիներու, ձերբակալուածներու եւ պահուող անձանց վերադարձի հնարաւոր ուղիները արծարծելու, Ազերպայճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու թղթածրարի պատրաստութեան եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագրի մշակման խնդիրները։

Խորհրդաժողովը արձանագրեց.

1) Միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ Արցախի հայաթափումը որակեցին ցեղասպանութիւն։

2) Ինչպէս 20-րդ դարու Մեծ Եղեռնը, Արցախի հայաթափումը տեղի ունեցաւ ի լուր անտարբեր մնացած միջազգային հանրութեան, ներառեալ Հայաստանի գործընկեր Ռուսաստանի։

3) Արցախի հարցը փակուած չէ. կարելի չէ լուռ մնալ ոճիրին, անոր ուրացման եւ շարունակման վտանգին դէմ-յանդիման։

4) Արցախի հարցով յանձնառութիւնը յանձնառութիւն է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ապահովութեան։

5) Դէմ-յանդիման ազգային գոյութենական սպառնալիքին, հայրենի Հայութիւնն ու Սփիւռքը պարտին վերջ տալ ներքին պառակտումներու, ուժերու ջլատման եւ կրաւորականացման, համախմբուիլ ի խնդիր սպառնալիքի միասնական դիմակայման։

6) Նպատակաուղղուած աշխատանքներ ծրագրել դէպի հզօր Հայաստան եւ հզօր Սփիւռք՝ իբրեւ մէկ ամբողջութեան վերակայացում։

Խորհրդաժողովը գործնական աշխատանքներու առումով որոշեց.

ա) 24 Ապրիլ 2024-ի նախօրեակին Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ ոչ-հայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, հրաւիրել Արցախի դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան եւ միջազգային դատական ատեաններու մէջ Ազերպայճանը պատասխանատւութեան կանչելու ուղիներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողով։

բ) Հրատարակութեան ձեռնարկել «Կիլիկիոյ վերլուծական հարթակ»-ի 19-20 Յունուար 2024-ի խորհրդաժողովի նիստերու ժողովածուին։

գ) «Արցախի նկատմամբ Ազերպայճանի կողմէ 2016-2023-ին կատարուած յանցագործութիւնները եւ անոնց հետեւանքները» հետազօտական ծրագրի շրջանակին մէջ համակողմանի վերլուծութեան ենթարկել յիշեալ ժամանակահատուածի ընթացքին Արցախի դէմ Պաքուի իրագործած յանցագործութիւնները՝ նախանշելով անոնց դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հնարաւոր մեթոտներն ու գործիքակազմերը։

դ) Պատրաստել Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ անոր սպառնալիքին տակ գտնուող հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկը։

ե) Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ճամբով կոչ ընել, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին ռազմաքաղաքական առեւանգուած ղեկավարութիւնն ու ապօրինաբար պահուող ռազմագերիները։

***

Խորհրդաժողովի մասնակիցները անհրաժեշտ նկատեցին հարթակի նիստեր գումարել հերթական յաճախականութեամբ, հետեւելու, քննարկելու եւ աշխատանքային ուղիներ ճշդելու համար Հայաստանի եւ Հայութեան վերաբերեալ ամէնէն հրատապ գործընթացներուն։

Խմբագրական