Search
Close this search box.

ՄԻԵԱ-ն Պաքուն «դատապարտած է» երեք հայ զինուորներու սպանութեան համար

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19-ին արձակած  է «Նարայեան եւ միւսները ընդդէմ Ազերպայճանի» դատին վճիռը։  

Այս դատը կը վերաբերէր Էդգար Նարայեանի, Էրիկ Աբովեանի եւ Շաւարշ Մելիքեանի 2016 Դեկտեմբեր 29-ին Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի մերձակայքը գտնուող «Բիթլիս» մարտական դիրքին մէջ հերթապահութեան ընթացքին հայկական հող ներթափանցած ազերի զինուոր Չինկիզ Կուրպանովի կողմէ սպանութեան։

ՄԻԵԱ-ի որոշումը կ՚ընդգծէ, թէ խախտուած է Մարդկային իրաւանց միջազգային համաձայնագրի 2-րդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք) եւ  Համաձայնագրի 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն՝ Ազերպայճանը կը պարտաւորէ վճիռին օրինապէս ի զօրու դառնալէն յետոյ երեք ամսուան ընթացքին այս գործով Ատեան դիմած՝ նահատակ զինուորներու ընտանիքներէն իւրաքանչիւրին վճարել 16 հազար եւրօ, յաւելեալ՝ ոչ- նիւթական վնասուց հատուցում, ինչպէս նաեւ 2780-ական եւրօ իւրաքանչիւր բողոքի համար, եւ հատուցել դատական զանազան ծախսերը։

***

«ՆՅ» – Ինչպէս կարելի է դատել վերեւ նշուած պարտադիր գումարներէն՝ «այնքան ալ սուղ չ՚արժեր» եղեր հայ զինուորի մը կեանքը։ Նաւթատոլարներով (ներառեալ եւրոպական) պարարտացած  Ազերպայճանի համար բնաւ ալ հարց յարուցելու չեն նման «մանրուքներ»։ Օ՛ն, սուլթան Ալիեւի գլխաւորած հորդան կրնայ ուրեմն հանգիստ սրտով  շարունակել «որս»-ը։   

Եւ ըսել թէ այնքան ջանք, ուժ, սիրտ սպառելով՝ միջազգային ատեաններուն կատարուած նման դիմումներու արդիւնքներուն կը սպասենք այնքան անձկութեամբ։ Ափսո՜ս։

Եւ դեռ այս ամէնը՝ ի մտի ունենալով, որ կեանքը անգին է։ Իսկապէ՞ս։