Միսաք Մանուշեան՝ անծանօթ մնացած բանաստեղծը

«Վազք» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ, գրուած՝ 1933-ին Ալ­ֆորվիլ, Մա­նու­շ­եան կ՚ար­ձա­նագ­րէ իր խռո­վայոյզ ապ­րումնե­րը. «Պայ­քա­րին մէջ՝ խա­ւարին դէմ ամէ­նօրեայ, եր­բեմն յոգ­նած՝ կ՚իյ­նայ դար­պասն ու­նայնին եւ իր իղ­ձերն մա­հուան բոյ­րով կը զգլխին»։ Մա­նու­շեանին բնո­րոշ է բա­նաս­տեղծա­կան ու պայ­քա­րի ոգին։ Մէ­կը միւ­սին հետ սեր­տօ­րէն փո­խառնչուած է։ Մէկ կող­մէ զրկան­քը, թշուառու­թիւնը, ման­կու­թեան յու­շե­րը, միւս կող­մէ՝ բնու­թիւնը, կեան­քը, սէ­րը յա­ճախանքներ են, որոնք ստէպ կ՚այ­ցե­լեն բա­նաս­տեղծը եւ զինք կը դարձնեն իր խօս­քե­րով «խենթ գի­նով», «ոգե­ւորուած վագր»։

Մա­նու­շեանի Ֆրան­սա­յի Պան­թէոն մուտքը առիթ կու տայ անդրա­դառ­նա­լու, յայտնա­բերե­լու բա­նաս­տեղծ Մի­սաք Մա­նու­շեանը, որ բո­լորո­վին ան­տե­սուած է Ֆրան­սա­յի ազա­տագ­րութեան հա­մար պայ­քար մղած ու նա­հատա­կուած դի­մադ­րա­կանի իր կեր­պա­րին ետին։ Ան­տե­սուած, որով­հե­տեւ իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը գրուած են հա­յերէ­նով, ցրուած զա­նազան գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին հան­դէսնե­րու մէջ, որոնց մէկ մա­սին խմբա­գիրը ինք եղած է։ 

Մա­նու­շեանի դի­մադ­րա­կանու­թիւնը կը ծո­րի նաեւ անոր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ, որ ինք եւս շեշ­տուած կեր­պով ընդգծած է։ Մե­լինէին ուղղուած նա­մակին մէջ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նի է հե­տեւեալ խօս­քը՝ «Պա­տերազ­մէն ետք բա­րեկամ­նե­րու օգ­նութեամբ, որոնք յօ­ժարու­թեամբ պի­տի ու­զեն պա­տուել իմ յի­շատակս, հրա­տարա­կել տուր իմ այն գրութիւններս որոնք ար­ժա­նի են կար­դա­ցուե­լու»։ Եւ կ՚աւելցնէ՝ «Եթէ կարելի է, իմ յի­շատակ­ներս տար Հա­յաս­տան»։

Մե­լինէ Մա­նու­շեան կը կա­տարէ իր ամուսնոյն բաղձանքը. 1946-ին, Մա­նու­շեան կո­միտէն կը հրա­տարա­կէ անոր «Բա­նաս­տեղծու­թիւններ» հա­տորը։ Իսկ, 1947-ին Մե­լինէ Մա­նու­շեան կը մեկ­նի Խորհրդա­յին Հա­յաս­տան հաս­տա­տուե­լու, սա­կայն կը վե­րադառ­նայ Ֆրան­սա 1962-ին։ 1956-ին Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի Պե­տական հրա­տարակ­չա­տու­նը՝ «Հայ­պետհրատ», կը հրա­տարա­կէ «Իմ եր­գը» բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հա­տորը, մէ­ջը նե­րառ­նե­լով Լուի Արա­կոնի «Ոտա­նաւոր յի­շելու հա­մար» (Strophes pour se souvenir) վեր­նագրով բա­նաս­տեղծու­թեան արեւելա­հայե­րէն թարգմա­նու­թիւնը, Ֆրան­սա­յի Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­­ցու­թեան այն ժա­մանա­կուան քար­տու­ղար Ժաք Տիւքլո­յի «Յա­ւերժ յի­շատակ Մա­նու­շեանի խմբի հե­րոս­նե­րին» վեր­նա­գիրը կրող նա­խաբա­նով։

Անո­րոշ են Խորհ. Հա­յաս­տա­նի հետ Մա­նու­շեանի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Նախ­քան Երկրորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տերազ­մը եւ իր զի­նուո­րագ­րուիլը՝ պայքարելու համար յա­նուն ազատու­թեան, ար­դա­րու­թեան, մարդկա­յին, մի­ջազ­գայնա­կան ու հան­րա­պետա­կան ար­ժէք­նե­րու, կ՚աշ­խա­տակ­ցի ՀՕԿին (Հայ­աստանի օգ­նութեան կո­միտէ), որ 1930-ական­նե­րէն սկսեալ հայ գաղ­թա­կան­նե­րու Խորհ. Հա­յաս­տան հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նի։ Սա­կայն ինք չի մեկ­նիր։ Կ՚ան­դա­մակ­ցի Հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան եւ կը վա­րէ բուռն քա­ղաքա­կան գոր­ծունէու­թիւն։

Բազ­մա­դէմ է Մա­նու­շեան։ Մի­ջին Արե­ւել­քի որ­բա­նոցէն, իբ­րեւ գաղ­թա­կան բա­նուոր կը հաս­նի Ֆրան­սա։ Ապ­րուստը ապա­հովե­լու հա­մար բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանքներ կը կատա­րէ։ Այն հա­մամարդկա­յին ար­ժէքնե­րը որոնց հա­մար պայ­քա­րեցաւ, այ­սօր առա­ւել եւս կը յու­զեն մարդկա­յին հա­սարա­կու­թիւնը եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Ազ­գայնա­կան ծայ­րա­յեղա­կան շար­ժումնե­րը աշ­խուժա­ցած են։ Արեւմտեան պե­տու­թիւննե­րու ներ­քին հա­մերաշ­խութիւ­նը խախ­տած է։ Ար­մա­տական կրօ­նա­կան խումբեր ծնունդ առած են։ Այն ար­ժէքնե­րը որոնց հա­մար պայ­քա­րեցաւ Մա­նու­շեան, այ­սօր ոտ­նա­կոխ կ՚ըլ­լան ամէ­նու­րեք։

Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պետու­թիւնը պատուեց իր նա­հատակ­նե­րը, որոնց կար­գին Մա­նու­շեանը։ Նոյնպէս, Լուի Արա­կոն եւ Լէօ Ֆեր­րէ, որոնք ան­մա­հացու­ցին «Կար­միր որ­մազդը»-ի հե­րոս­նե­րը։ Սա­կայն, Մա­նու­շեան ֆրան­սա­հայ իրա­կանու­թեան մէջ զգա­լի ներ­կա­յու­թիւն դար­ձաւ շնոր­հիւ Ֆրան­սա­հայ Նախ­կին ռազ­միկնե­րու ըն­կե­րակ­ցութեան։ Պան­թէոն մուտքը առիթ կը հան­դի­սանայ յայտնա­բերե­լու միւս՝ ան­ծա­նօթ մնա­ցած Մի­սաք Մա­նու­շեանը՝ բա­նաս­տեղծը։ 

Ժ.Չ.

Խմբագրական