Search
Close this search box.

Միսաք Մանուշեանի աճիւններուն Պանթէոն փոխադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը

 

2024 Փետրուար 21-ը պատմական օր մըն էր Ֆրանսահայութեան կեանքին մէջ։ 

Արդարեւ Ֆրանսայի ազատութեան համար իր կեանքը զոհաբերած, Դիմադրութեան շարժումի հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեան՝ իր եւ 23 ընկերներուն հետ գնդակահարումէն ճիշդ ու ճիշդ 80 տարի ետք, իր կնոջ Մելինէի հետ մուտք գործեց Պանթէոն, ուր կը հանգչին Ֆրանսայի ՄԵԾԵՐԸ՝ Վիքթոր Հիւկօ, Ժան-Ժաք Ռուսօ, Մարի եւ Փիէր Գիւրի, Էմիլ Զոլա, Ալեքսանտր Տիւմա, Ժան Մուլէն եւ քանի մը տասնեակ ուրիշներ։

Փետրուար 20-ին, Մոն Վալերիէնի մէջ հսկումի արարողութենէն ետք, յաջորդ օրը տեղի ունեցաւ Մանուշեաններու Պանթէոն փոխադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը*։ Նախագահ Մաքրոնի կողքին ներկայ էին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետեր՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Կապրիէլ Աթթալ, նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, նախարարներ, խորհրդարանականներ, դեսպաններ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ ստուար բազմութիւն մը։

Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի Ֆրանսայի դրօշով պատուած աճիւնները ուսամբարձ մուտք գործեցին Պանթէոն։ Փաթրիք Պրիւէլ խորապէս յուզուած կարդաց Մանուշեանի՝ Մելինէին ուղղուած վերջին նամակը, բեմադիր Սերժ Աւետիքեան մէկ առ մէկ նշեց Մանուշեանի եւ իր 23 զինակիցներուն անունները, որոնք զոհուեցան Ֆրանսայի ազատութեան համար, Opéra Comique-ի տղաքը կատարեցին Շառլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» երգը, Իսկ Լէօ Ֆեռէի նշանաւոր «Կարմիր որմազդը» նոր մշակումով, ապրումներով մեկնաբանեց Feu! Chatterton խումբի երիտասարդ երգիչը՝ Արթիւր Թրեպուլ։

Այնուհետեւ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն աւելի քան 1000 հրաւիրեալներու ներկայութեան արտասանեց պատմական ճառ մը, ուր ի միջի այլոց ըսաւ.

«Այս ոդիսականը, Մանուշի եւ անոր բոլոր զինակիցներուն ոդիսականը, նաեւ մե՛րն է։ Ազատութեան ոդիսականը եւ անոր մէջ Մանուշեանի բաժինը կը մնան մեր ազգի սրտին մէջ։ Ան որոշեց մեռնիլ մեր ազգին համար, որ մինչդեռ մերժած էր ամբողջովին ընդունիլ զինք։ Հիմա պահը՝ Դիմադրութեան մէջ անոնց բաժինի ճանաչման պահն է»։

Նախագահ Մաքրոն ողջունեց «ազատ» մարդը, «բանաստեղծ մը», որ դարձաւ «շուքի մէջ գործող զինուոր մը»։ Ան ներկայացուց կեանքին յատկանշական պահերը Միսաք Մանուշեանի, որ «ընտրեց 18 տարեկանին հոս ոտք կոխել (Ֆրանսա գալ) ազատութեան մեծ երազանքով հարբած»։ Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ անոր՝ Հայաստանի փարումէն մինչեւ համայնավարական ​​նուիրումին Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ անոր սիրոյ պատմութեան՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ: «Միսաք Մանուշեան որդեգրեց համայնավար գաղափարախօսութիւնը՝ համոզուած, որ Ֆրանսայի մէջ երբեք չեն յաջողած իրարմէ բաժնել Հանրապետութիւնն ու Յեղափոխութիւնը։ (…) Ան կ՚երազէր աշխարհի անիծեալներու համընդհանուր ազատագրման մասին: Այսպէս է, որ Համայնավարական ​​միջազգայնականէն ներս ձեռնամուխ եղաւ ֆաշականութեան դէմ պայքարին»,- ըսաւ ան։

«Ազատութեան մեծ երազանքէն հարբած, Միսաք Մանուշեան աչքի առաւ բոլոր վտանգները»,– շարունակեց նախագահը։ «Ան, որ կը սիրէր սիրել, վճռեց սպանել, ինչպէս 1943 Մարտին, երբ ան նռնակ մը արձակեց գերմանական ջոկատի շարքերուն վրայ։ »

Էմանիւէլ Մաքրոն կրկին իր յարգանքի տուրքը մատուցելով FTP-MOI**-ի 24 անդամներուն ըսաւ. «օտարներ, սակայն մեր եղբայրները», աւելցնելով՝ «Միւսներն ալ հոս են, անոր կողքին»։ Ան մէկ առ մէկ յիշեց Մանուշեանի զինակից ընկերներուն անունները, որոնք խորհրդանշական կերպով Մանուշեանի հետ նոյնպէս կը մտնեն Պանթէոն։ Նշելէ ետք, թէ անոնց յիշատակը երկար ժամանակ նետուած էր մոռացութեան գիրկը, մէջբերեց Արակոնի բանաստեղծութենէն՝ անոնց «Նախընտրութեամբ Ֆրանսացի»-ներ ըլլալու եւ «Ֆրանսացի դառնալու ակնկալութեան» երեւոյթը։

Նախագահը պատմեց յանձնառութեանը մասին անոնց, որոնք «որոշեցին պայքարիլ հայրենիքի հողին համար»։ Անոնք, որոնք «աշխարհի մակերեսէն հալածուածներ» էին, Հրեաներ, որոնք ականատեսը եղան իրենց հարազատներու տարագրութեան, նաեւ՝ Սպանիոյ Միջազգային ջոկատներու նախկին անդամներ, «համայնավարներ, որոնք չեն ճանչնար այլ բան, քան մարդկային եղբայրութիւնը»…

Նախագահը եզրափակեց. «Միսաք Մանուշեան, դուք հոս մուտք կը գործէք դեռ հարբած՝ ձեր երազանքներէն՝ իր ցաւերէն ազատուած Հայաստան, եղբայրական Եւրոպա, համայնավարական ​​իտէալ, արդարութիւն, արժանապատւութիւն, մարդասիրութիւն։ Ֆրանսական երազանք, համընդհանուր երազանք։ Միսաք Մանուշեան, դուք մուտք կը գործէք հոս Մելինէի հետ՝ որպէս երջանիկ սիրոյ բանաստեղծ։ Երախտապարտ Ֆրանսան կ՚ողջունէ ձեզ»։

Հանրապետութեան նախագահի ելոյթին յաջորդեց մէկ վայրկեան լռութիւն, այնուհետեւ ֆրանսական բանակի երգչախմբը երգեց Մարսեյէզը։ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի դագաղները պիտի տեղադրուին թիւ 13 դամբարանին մէջ, ուր արդէն կը հանգչին երգչուհի Ժոզեֆին Պեյքըրը եւ գրող Մորիս Ժընըւուա։

* Արարողութեան բովանդակ յայտագիրը արդէն ներկայացուցած էինք Շաբաթ, Փետրուար 17-ի մեր թիւով (էջ 5)։

** FTP-MOI – Francs-tireurs et partisans – Main-d’œuvre immigrée (Արձակազէններ եւ կուսակիցներ – Ներգաղթեալ բանուոր դասակարգ)։