Մհեր Գրիգորեան. «Ազերպայճանի հետ սահմանազատումը բարդ գործընթաց մըն է եւ կրնայ տարիներ տեւել»

Դեկտեմբեր 15-ին, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը արդէն իսկ ունի ենթակառոյցներ, որոնք մշակուած են եւ կը գտնուին իրագործման փուլին, օրինակ՝ «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհը, աւելցնելով, թէ Հորադիզ-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման արժէքը տարի մը առաջ կը գնահատուէր 230 միլիոն տոլար։

Անդրադառնալով ահմանազատման հոլովոյթին՝ Գրիգորեան ըսած է, թէ ան բաւական բարդ է եւ կրնայ տարիներ տեւել, իսկ այդ առումով տակաւին Ազերպայճանի հետ յաջորդ հանդիպման պայմանաժամ չէ ճշդուած։

«Կողմերը պիտի աշխատին  բացառապէս տեղագրական քարտէսներով, նաեւ՝ բացառապէս այնպիսի փաստաթուղթերով, որոնք ունին իրաւական նշանակութիւն»,– նշած է փոխվարչապետը։

Խմբագրական