Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքային այցը՝ Յունաստան

Փաշինեանի՝ իր պաշտօնակից Միցոթաքիսի հետ մամլոյ ասուլիսէն

Փետրուար 27-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, աշխատանքային այցով ժամանած է Յունաստան՝ Աթէնք:

Նոյն օրը Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է Յունաստանի վարչապետին, նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական խումբի անդամներուն հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան հետեւողական զարգացման, տարածաշրջանային հոլովոյթներուն,  ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան, առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի եւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն վերաբերող հարցեր։