ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ «Արարատի հմայքին ներքոյ. գանձեր հին Հայաստանէն» ցուցահանդէսը ստացած է առաջին մրցանակը

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նետերլանտներու Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի յոբելինական ձեռնարկներու շրջանակին մէջ անցեալ Մայիս 10-ին Նետերլանտներու Թագաւորութեան Ասսէն (Assen) քաղաքի «Drenthe» թանգարանին մէջ բացուած «Արարատի հմայքին ներքոյ. գանձեր հին Հայաստանէն» ցուցահանդէսը՝ հանրային քուէարկութեամբ ճանչցուած է Նետերլանտներու՝ տարուան լաւագոյն ցուցադրութիւնը եւ ստացած առաջին մրցանակը:

Լուրը կը հաղորդեն Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն:

Նետերլանտական հեղինակաւոր «Թանգարանային ամսագիր»-ին կողմէ կազմակերպուող տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը  տեղի կ՚ունենայ երկու փուլով՝ մասնագիտական դատակազմի եւ համացանցով բաց հանրային քուէարկութեան միջոցով։  Հայկական ցուցահանդէսին հետ միասին մրցանակին ներկայացուած էին Նետերլանտներու Պետական թանգարանի (Rijks Museum), Լա Հէյի Արուեստի թանգարանի (Kunst Museum) եւ շարք մը այլ հեղինակաւոր թանգարաններու մէջ այս տարի տեղի ունեցող ցուցահանդէսներ։ Հայկական ցուցահանդէսը դատակազմին կողմէ ընտրուած է լաւագոյն տասնեակին մէջ, ապա ստացած՝ հանրային քուէարկութեան ձայներու 40%-ը, որ աննախադէպ է մրցանակաբաշխութեան պատմութեան մէջ։

Ցուցադրութեան ներկայացուած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հնագիտական հաւաքածոյէն 160 արժէքաւոր նմուշներ, ինչպէս՝ քարեդարեայ հնագոյն շրջանէն մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունման ժամանակաշրջանին պատկանող տարբեր առարկաներ՝ խեցանօթներ, օճախներ, զէնքեր, զարդեր, կոթողներ եւ այլ մշակութային արժէքներ, որոնց շարքին՝ Քարաշամբի հնավայրէն գտնուած եզակի ծիսական արծաթեայ գաւաթը, Արտաշէս Ա. արքայի արամէերէն արձանագրութեամբ սահմանաքարերէն մէկը, Տիգրան Մեծի դրամներէն, ինչպէս նաեւ թանգարանի հաւաքածոյէն 17-րդ դարուն Ամսթերտամ տպագրուած Աստուածաշունչը՝ իբրեւ հայ-նետերլանտական մշակութային կապերու խորհրդանիշ։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած է Նոյեան Տապանի մասունքը եւս` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանէն։

Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 27-ին Լա Հէյի Արուեստի թանգարանին մէջ, մասնակցութեամբ՝ Նետերլանտներու Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Բալայեանի։

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Հոկտեմբեր 30։

Խմբագրական