Search
Close this search box.

Նիկոլ Փաշինեանի, Օլաֆ Շոլցի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը

 

Միւնիխի մէջ կայացած Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակին մէջ, Փետրուար 17-ին տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Քննարկուած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերը: Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու աշխատանքները խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ: