Search
Close this search box.

ՆԻՍ – «Թիէրի Մոլնիէ երկրորդական վարժարան»-ը կ՚անուանափոխուի. այսուհետեւ պիտի կոչուի «Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեան երկրորդական վարժարան»

Նիսի արեւմուտքը գտնուող երկրորդական վարժարանը պիտի անուանափոխուի։ Ան այսուհետեւ պիտի կոչուի «Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեան երկրորդական վարժարան»։

Նիսի քաղաքային խորհուրդի բնապահ անդամները աւելի քան մէկ տարի առաջ խնդրած էին փոխել «Թիէրի Մոլնիէ երկրորդական վարժարան»-ի անունը: Արդարեւ, Մոլնիէ որ ընտրուած է Ֆրանսական կաճառի անդամ 1964 թուականին, եղած է հակասեմական շաբաթաթերթի մը համահիմնադիրը 1930-ականներուն։ Ան նաեւ անդամակցած է ազգայնապաշտ եւ արքայապաշտ, ծայրայեղ աջակողմեան «Action française» շարժումին, ինչպէս նաեւ համակիր մը եղած է Մառեշալ Փեթէնի։ Այս ամբողջը, բնականաբար, այլեւս չէր հանդուրժուեր ու անուանափոխութեան կարելիութիւնը կը մշակուէր աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր։

Այսպէս, Փրովանս–Ալփ–Գոթ տ՚Ազիւր շրջանի նախագահ Ռընօ Մուզըլիէ կատարած է իր ընտրութիւնը. ան որոշած է կրթական հաստատութիւնը վերանուանել Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեանի անունով եւ այդպէսով մեծարել Ֆրանսական դիմադրութեան կարեւորագոյն դէմքերէն հանդիսացող՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած, անհայրենիք եւ համայնավար այս զոյգին, որ Փետրուարին մուտք գործեց Պանթէոն: