Նիւ Եորքի՝ հանրային գրադարանի հետազօտական կեդրոնը՝ կոչուեցաւ Վարդան Գրիգորեանի անունով

Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի մարդասիրական հետազօտութիւններու կեդրոնը նոյեմբեր 21-ին կոչուած է ամերիկահայ պատմաբան, 1981-1989 թուականներուն Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի տնօրէն, «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակի համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեանի անունով։

Ան մեծապես նպաստած է գրադարանի վերածնունդին ու վերականգնման։ Անոր ղեկավարութեամբ ամերիկեան գրադարանը իբրեւ կրթական հաստատութիւն միջազգային ճանաչման արժանացած է։

Վարդան Գրիգորեան իր վաստակը ունի նաեւ Հայաստանի գրադարանային գործին մէջ։ 1990-ականներուն ան նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գրադարաններուն։ Գրիգորեանի անունը կը կրէ նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի գրադարանը։

Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 50.000 տոլար յատկացուցած է Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանին՝ ի յիշատակ Վարդան Գրիգորեանի, որ կեանքէն հեռացաւ 2021-ին։ ■

Խմբագրական