ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Հայերու դէմ խտրական կեցուածք ցուցաբերած Citigroup-ը 25,9 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում պիտի վճարէ

«Ասպարէզ» – Միացեալ Նահանգներու Ելեւմտական հարցերու յաճախորդներու պաշտպանութեան գրասենեակը Նոյեմբեր 8-ին կայացուցած վճիռով հաստատած է, որ Citigroup-ի մաս կազմող Citibank դրամատունը դիտումնաւոր կերպով խտրական կեցուածք ցուցաբերած է Ամերիկահայերուն դէմ, երբ անոնք դրամատունէն պարտաքարտեր (credit cards) ստանալու համար դիմումներ կատարած են։

Իբրեւ պատիժ՝ գրասենեակը կը պահանջէ դրամատունէն, որ 25,9 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ հայ յաճախորդներուն։

Ըստ հետախուզութեան՝ դրամատան պաշտօնեաները «եան»ով  (yan կամ ian) վերջացող մականուն ունեցող դիմորդներուն անուններուն կողքին կանոնաւորաբար «վատ անձ» (bad guys) գրութիւնը աւելցուցած են՝ դժուարացնելով անոնց դիմումին վաւերացումը։ Այս որակումը եկած է պաշտօնեաներու այն թիւր համոզումէն, որ բոլոր Հայերը կասկածելի գործարքներու մէջ են կամ մաս կը կազմեն կազմակերպուած ոճրախումբերու, կը տեղեկացնէ գրասենեակը։

Յատկապէս խիստ վերաբերումի արժանացած են հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքէն ներկայացուած դիմումները։ Ըստ գրասենեակին՝ Միացեալ Նահանգներու Հայութեան 15 տոկոսը Կլենտէյլ հաստատուած է։ 

Դրամատունը ներողութիւն խնդրած է խտրական այս կեցուածքին համար եւ վստահեցուցած, թէ արդէն իսկ քայլեր առնուած են՝ դարմանելու կացութիւնը։

Խմբագրական