Շուէտի հայկական եկեղեցին թալանուած ու վանդալական արարքի ենթարկուած է

Շուէտի Սէօտըրթալիէ (Södertälje) քաղաքի հայկական եկեղեցին թալանուած ու վանդալական արարքի ենթարկուած է։ Լուրը կը հաղորդեն շուէտական լրասփիւռները։

Սուրբ Մարիամ Հայց. Առաքելական եկեղեցիէն գողցած են թանկարժէք իրեր, որոնք ունին թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ հոգեւոր արժէք։ 

«Շատ անսպասելի էր. հիմա Սուրբ ծնունդէն առաջ շատ տխուր է կանգնիլ դատարկ խորանի առջեւ»,– ըսած է եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Շառոյեան:

Ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ միջադէպը։ ■

Խմբագրական