Search
Close this search box.

Որո՞ւ հետ դաշնակցիլ

Հոկտեմբեր 17-ին Հայաստանի վարչապետը հրաւիրուած էր Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ խօսք առնելու։ Հրաւէրը կու գար Արցախահայութեան տեղահանութեան պատճառած ցնցումէն ետք։ ԵՄ-ի խորհրդարանը դատապարտած էր Արցախցիներուն տեղահանումը եւ ազերպայճանցի պատասխանատուներուն հանդէպ պատիժներ պահանջած։ 

Փաշինեան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը ամրապնդելու ժողովրդավարութեան մշակոյթը եւ խոստովանեցաւ որ անոր շնորհիւ էր որ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան պատճառած քաղաքական ցնցումները եւ ընկերային տագնապները կարելի եղան դիմագրաւել երկրէն ներս։

Ժողովրդավարութեան թեման առընչուած է Ռուսաստանին, այսինքն՝ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին։ Ռուսաստան ո՛չ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, ո՛չ ալ անկէ ետք՝ եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած իր պարտաւորութիւնները յարգեց Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ։ Իսկ այդ բեմագրութեան վախճանը եղաւ բոլորին յայտնի Արցախի հայաթափումն ու անկումը։

Աւելին՝ վարչապետը նոյնիսկ ամբաստանեց Ռուսաստանը Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան բացայայտ կոչեր արձակելու մեղադրանքով, որուն իշխանութիւնները կրցան դիմակայել ժողովուրդին աջակցութեամբ, շնորհիւ ժողովրդավար արտակարգ ընտրութիւններուն։

Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրագրումը ջատագովելով, վարչապետը երկու թիրախ ունէր, առաջին՝ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական դաշնակցութեան ձախողումի արձանագրումը, երթալով անկէ հեռանալով Եւրոպական Միութեան մօտենալու պատրաստակամութիւնը, եւ երկրորդ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ ազերական յարձակումի վտանգին ահազանգումը, յիշեցնելով թէ Ալիեւ միշտ դրժած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ արեւմտեան ղեկավարներուն տուած իր խոստումներն ու կատարած յանձնառութիւնները եւ նոյնիսկ կը սպառնայ այսօր Սիւնիքի միջանցքը բռնի ուժով բանալ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնշխան տարածքները պաշտպանելու համար։

Եւ իրապէս ալ կ՚ընդգծուի յստակ ջրբաժան մը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ռազմավարական գործընկերութիւններուն միջեւ։ Ալիեւ հրաժարեցաւ մասնակցելէ Կրանատայի մէջ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի հնգակողմ հանդիպումին՝ Գերմանիայէն Շոլցի, Ֆրանսայէն՝ Մաքրոնի, Եւրոպական խորհուրդէն՝ Միշէլի եւ Փաշինեանի հետ։ Փոխարէնը՝ Փաշինեան հրաժարեցաւ մասնակցելէ Պիշքեքի մէջ ԱՊՀ-ի երկիրներու վեհաժողովին եւ անոր շրջածիրին մէջ նախատեսուած՝ Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան եռակողմ հանդիպումին։ Հայաստան հրաժարեցաւ մասնակցելէ նաեւ Քիրկիզստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի կազմակերպած ռազմափորձերուն…

Ազերպայճան աւելի ու աւելի կը հակի Ռուսաստանին, անոր օգնութեան կը դիմէ դիմակայելու համար Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ու ճնշումներուն, որոնք կը պահանջեն փաստահաւաք առաքելութիւններու գործուղումը Արցախ, որոնց դիմաց Ազերպայճան պատրաստ է ռուս խաղաղապահ զօրքին՝ Արցախ տեղակայման իրաւունքը երկարաձգելու, հակառակ անոր որ անոր ներկայութիւնը Արցախի մէջ իմաստազուրկ դարձած է։ Սակայն, արեւմտեան որեւէ փաստահաւաք առաքելութիւն վանելու համար՝ Ռուսերը դեռ կրնան օգտակար ըլլալ։

Ռուսերը օգտակար են Ազերպայճանին նա՛եւ Սիւնիքի միջանցքի բացման հարցին մէջ։ Այս առումով Ազերպայճանի նախագահի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպայովի յայտարարութիւնը կարեւոր ցուցիչ է ռուս-ազերական գործակցութեան. «Մենք կ՚ընդունինք, որ Սիւնիքը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք է։ Բայց մեզի համար կարեւոր է իմանալ, թէ միւս կողմը ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ միջանցքի երթեւեկութեան անվտանգութիւնը»։ Շեշտած է նաեւ. «Մեզի համար անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր ճամբորդի անվտանգութեան վստահելի երաշխիքները, անոնց համար որ գնացք պիտի նստին Ազերպայճանէն դէպի Նախիջեւան, կամ հակառակ ուղղութեամբ»։ Ըսուածը այն է, թէ Հայերը անվստահելի են, թէ իրենք կը պահանջեն ռուսական ուժերու երաշխիքը, ինչպէս որ սահմանուած էր Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթով։ Սակայն, Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը մեռեալ դարձաւ Արցախի պարպումով։ Այսպէսով ազերի-թուրք-ռուս դաշինքը կը ստիպէ Հայաստանը նոր դաշնակիցներ փնտռելու Եւրոպական Միութեան եւ Իրանի կողմերը։

Ժ.Չ. ■