ՈՒՔՐԱԻՆԱ–ԹՈՒՐՔԻԱ – Քիեւի մերձակայքը «Պայրաքթար»-ներու գործատուն կը կառուցուի

Անօդաչու սար­քե­րու ար­տադրու­թեամբ զբա­ղող Baykar ըն­կե­րու­թեան ընդհա­նուր տնօ­րէն Հա­լուք Պայ­րաքթար Reuters լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան տե­ղեկա­ցու­ցած է, թէ Քիեւի մեր­ձա­կայ­քը սկսած է թրքա­կան «Պայ­րաքթար» անօ­դաչու սար­քե­րու գոր­ծա­տան շի­նարա­րու­թիւնը, աւելցնե­լով, թէ առա­ջին անօ­դաչու­նե­րը պատ­րաստ կ՚ըլ­լան 2025-ին։ 

Պայ­րաքթա­րի հա­մաձայն՝ գոր­ծա­տան շի­նարա­րու­թեան նպա­տակով շուրջ 95 մի­լիոն տո­լար ներդրում կա­տարուած է։

Նշենք, թէ Ուքրաինա­յի մէջ «Պայ­րաքթար»-նե­րու գոր­ծա­տուն կա­ռու­ցե­լու վե­րաբե­րեալ հա­մաձայ­նա­գիրը կնքուած է 2022 Փետ­րուարին՝ ռու­սա­կան ներ­խուժու­մէն քա­նի մը օր առաջ։ ■

Խմբագրական