Չորս ամիս տեւած քննութենէ ետք Սերգէյ Սմբատեան անմեղ ճանչցուած է

 

Մէկ ամիս բանտարկութենէ, ապա նոյնքան ալ տնային կալանքէ եւ ընդհանուր առմամբ 4 ամիս տեւած քննութենէ ետք, Հոկտեմբեր 31-ին, Հայաստանի դատախազութիւնը դադրեցուցած է Սերգէյ Սմբատեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը։

Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարին դէմ մեծ չափով խարդախութեան մեղադրանք ներկայացուած էր։

«Մաէսթրօ Սերգէյ Սմբատեան արդարացուեցաւ։ Քրէական հետապնդումը դադրեցուած է՝ հաստատուած ըլլալով, որ մեղսագրուող արարքը անոր կողմէ չէ կատարուած»,– նշած են Սմբատեանի փաստաբաններ Երուանդ Վարոսեան եւ Լուսինէ Սահակեան։

Խմբագրական