Search
Close this search box.

Պայտընի միջազգային օժանդակութիւններու ծրարին մէջ նկատի կ՚առնուի նաեւ Հայաստանը

 

Միջազգային օժանդակութիւններու համար նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին պատրաստած ծրարին մէջ նկատի առնուած է նաեւ Հայաստան ժամանած շուրջ 120.000 արցախցի բռնի տեղահանուածներուն օժանդակելու հրամայականը, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։

Արդարեւ, այս ծրարին մասին Ծերակոյտին Յատկացումներու յանձնախումբին առջեւ վկայութեան մը ընթացքին, Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անցեալ Երեքշաբթի օր յայտարարած է հետեւեալը. “Ծրարը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ յաղթահարելու բռնապետերու եւ ահաբեկիչներու կողմէ ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու եւ բնական աղէտներու պատճառով Ուքրաինայի, Կազայի, Սուտանի, Հայաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապները”։

Պատասխանելով ծերակուտական Քրիս Քունի հարցումին՝ Պլինքըն յստակացուցած է, որ օժանդակութիւններ պիտի յատկացուին նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն, սակայն չէ յստակացուցած, թէ 106 միլիառ տոլարի ծրարէն որքա՞նը պիտի յատկացուի Հայաստանին։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ծրագրերու վարիչ Ալեքս Կալիցքի իր վկայութեան մէջ անբաւարար նկատած էր Ազերպայճանի ցեղասպանական արշաւին պատճառով բռնի տեղահանուած Արցախցիներուն խոստացուած 11,5 միլիոն տոլարի աջակցութիւնը եւ աւելցուցած էր, որ քայլեր պէտք է առնուին 2020-էն ի վեր բռնի տեղահանուած 150.000 Արցախցիներու ապահով վերադարձը երաշխաւորելու նպատակով։ Ան նաեւ շեշտած էր, թէ առնուազն 10 միլիոն տոլարի ռազմական անմիջական աջակցութիւն պէտք է յատկացուի Հայաստանին, դէմ դնելու համար Հայաստանի վրայ յարձակելու պատրաստուող Ազերպայճանի բռնապետական իշխանութեան սպառնալիքներուն։