Search
Close this search box.

Պատրա՞ստ ենք խաղաղութեան


«Կամաւոր ամլութիւնը մեղք մըն է, որուն պատիժը պետութեան մահն է», նախագահական իր ուղերձներէն մէկուն մէջ ըսած է Ամերիկայի նախագահ Թէոտոր Ռուզվէլթ: Այդպիսի անհեռատես քաղաքականութիւն մը որդեգրած էր Չինաստան, երբ 1970-ականներու վերջաւորութեան պարտադրած էր «մէկ ընտանիք-մէկ զաւակ» պետական որոշումը, որ 2000-ականներու սկիզբէն ի վեր պատճառ դարձաւ ժողովրդագրական չնախատեսուած ճգնաժամի մը՝ հասնելէ ետք տնտեսական աննախընթաց բարգաւաճման: Ինչպէս բոլոր երկիրներու պարագային, Չինաստանի մէջ առողջապահութեան մակարդակի բարձրացումը յառաջացուց կեանքի տեւողութեան երկարացում, որ յիշեալ օրէնքին պատճառով, երկրին մէջ գոյացուց թոշակառուներու հսկայ բանակ մը, իսկ միւս կողմէ, զանոնք խնամելու եւ պահելու անհրաժեշտ, համեմատաբար փոքրաթիւ աշխատող ձեռքեր, որոնք իրենց կարգին պիտի թուլացնէին մինչ այդ արձանագրուած տնտեսական բարգաւաճման մակարդակը եւ պատճառէին ներքին համախառն արտադրութեան նուազում:

Ն. Ք. 47 թուականին, Յուլիոս կայսրի օրերուն, հռոմէական կայսրութիւնը կը տարածուէր Սպանիայէն մինչեւ Յունաստան եւ դէպի հիւսիս, մինչեւ Ֆրանսայի Նորմանտիա շրջանը, իսկ հարաւը՝ ամբողջ Միջերկրական ծովու աւազանի երկիրները: Այդ ընդարձակ տարածքի բնակչութիւնը, որ այսօր կ՛ընդգրկէ առաւել քան երեսուն երկիրներ, կը հաշուէր մօտաւորապէս 50 միլիոն հոգի, երբ աշխարհի ընդհանուր բնակչութիւնը կը գնահատուէր 250 միլիոնով: 18 դար ետք, 1800-ականներու սկիզբը, աշխարհի բնակչութիւնը աճած էր՝ հասնելով գրեթէ 1 միլիառի: Այդ երկար դարերու ընթացքին, նորածիններու մահացութեան բարձր տոկոսը, բժշկութեան թերզարգացած ըլլալու փաստը՝ արդի ժամանակներուն հետ բաղդատած, սովը, համաճարակները, պատերազմները եւ անոնց ընկերացող ջարդերը, մարդկութեան աճը արգելակող ազդակներ էին: Միայն Անգլիոյ մէջ մեկնարկած ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետքն էր, որ գիտութիւններու եւ բժշկութեան զարգացման շնորհիւ, հետզհետէ մահացութեան մակարդակի նուազումով եւ կեանքի տեւողութեան երկարացումով, մարդկութիւնը 60 տարին անգամ մը կրկնապատկուեցաւ՝ հասնելով այսօրուան 8 միլիառին: Կը շարունակէ՞ մարդկութիւնը անկաշկանդ ձեւով աճիլ, թէ ուտելիք հայթայթելու մեր մոլորակին սահմանափակ կարողականութիւնը վերջապէս կը հակակշռէ բնական աճի անոր բնազդը:

Միւս կողմէ, կայ երեւոյթ մը, որ ի յայտ եկած է մասնաւորաբար վերջին կէս դարուն ընթացքին: Որքան երկրի մը բնակչութիւնը զարգանայ, սեռային խտրականութիւնը նուազի, կիները ուսման հետեւին, աշխատուժի շուկային մէջ ընդգրկուին, այնքան ուշ կ՚ամուսնանան, ուշ եւ քիչ զաւակներ ունենալու հակամէտ կ՚ըլլան, հետեւաբար՝ նոյնիսկ բնականոն բացարձակ աճը կը նուազի: Այդպէս է որ այսօր շատ զարգացած եւ զարգացող երկիրներու բնակչութիւնը կը նուազի, իսկ ժողովրդագրագէտները կը հաստատեն, թէ մոլորակի բնակչութիւնը այս դարու վերջաւորութեան պիտի դադրի աճ արձանագրելէ:

Փօլ Մորլենտ իր «The Human Tide» գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ 1950-ին, իւրաքանչիւր 2-3 եւրոպացիի դիմաց կար մէկ անձ Ենթասահարայի (Sub-Sahara) մէջ, ուր ափրիկեան ցամաքամասի ամէնէն մարդաշատ եւ բազմացող երկիրները կան: Այսօր՝ 70 տարի ետք, նշեալ երկիրներուն բնակչութիւնը կը գերազանցէ մէկ միլիառը, մինչ Եւրոպայինը՝ ըստ ՄԱԿ-ի 2018-ի տուեալներուն՝ մօտաւորապէս 750 միլիոնը: Նուազումի այս երեւոյթը միայն զարգացած երկիրներուն կամ արեւմուտքին յատուկ չէ. իրանցի իսլամ կինը ներկայիս, աւելի քիչ զաւակներ ունի, քան ֆրանսացի կինը եւ այս երեւոյթը հետզհետէ կը տարածուի միւս իսլամ եւ այլ երկիրներու մէջ: Բայց չէ՞ որ զարգացած երկրի մը համար կարեւոր է մնայուն տնտեսական աճը, որ իր կարգին ուղղակի յարաբերակցութեան մէջ է բնակչութեան քանակին, անոր աճին եւ միջին տարիքին, իսկ երկիրներու միջեւ մրցակցութիւնը նաեւ հիմնականին մէջ պատերազմի դաշտին վրայ անոնց մեծաթիւ բանակներ ունենալու կարողականութեան եւ ներուժին մէջ է, նախապատմական դարերէն սկսեալ, մինչեւ արդի ժամանակները, հակառակ  գերարդիական սպառազինութեան տեսականիներուն: Ի զուր չէ, որ պրուսացի հրամանատար եւ ռազմական տեսաբան Քլաուզուից (Clausewitz) ըսած է, թէ բանակի մը քանակական գերակայութիւնը ընդհանրապէս յաղթանակի հիմնական ազդակն է, անշուշտ բացառութիւններ եղած են, սակայն անոնք աւելի շատ կը հիմնաւորեն այս տեսակէտը:

Գերմանիա՝ շնորհիւ իր մեծաթիւ զինուորներուն կրցաւ երկու ճակատներու վրայ նոյն ատեն պատերազմելու որոշում կայացնել, իսկ եթէ Ռուսաստան Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք չարձանագրէր բարձր ծնելիութեան մակարդակ, 20 տարի ետք պիտի չկարենար զինուորներու անվերջանալի ջոկատներ ռազմաճակատ ուղարկել՝ թէկուզ թերսնուած եւ նուազ պատրաստուածութեամբ, քան գերմանական բանակները եւ թերեւս Մոսկուան ալ ինկած ըլլար: Դաշնակից բանակները, մանաւանդ ամերիկացիներու Համաշխարհային պատերազմին միջամտելէն ետք, վերջապէս կրցան յաղթանակել եւ գերմանացիներուն անձնատւութիւն պարտադրել, պարզապէս որովհետեւ կրցան ռազմաճակատ ուղարկել 46 միլիոնի հասնող զինուորներ, ընդդէմ առանցքի երկիրներու 27 միլիոնին: Այստեղ կ՚արժէ յիշել Պիւսիի կոմս Ռոժէ Ռապիւթէնը (Roger Rabutin comte de Bussy), որ ըսած էր թէ «Աստուած մեծ վաշտերու կողմնակից է»:

Հայաստանի ժողովուրդը, դժբախտաբար սեղմուած թրքական զոյգ պետութիւններուն միջեւ, կտրուած արտաքին աշխարհին կապուելու ծովային ճանապարհներէ, դարերէ ի վեր ենթարկուած ըլլալով մարդկութիւնը պատուհասած բոլոր տեսակի աղէտներու՝  բնականաբար ժողովրդագրական յիշատակելի աճ պիտի չունենար, ընդհակառակն՝ տեւաբար պիտի դիմէր արտագաղթի դէպի ուր կարելի էր, ինչպէս շատ այլ ժողովուրդներ, որոնք դէմ-յանդիման գտնուած են այդպիսի աղէտներու: Վերջապէս, ամերիկեան ցամաքամասը, Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան բնակեցուած էին աշխարհի բոլոր երկիրներէն գաղթականներով, որոնք սկզբնական ժամանակաշրջանին ապաստան գտած էին մասնաւորաբար Անգլիայէն, ապա Իռլանտայէն, Սկովտիայէն եւ այլ եւրոպական երկիրներէ, փախչելով իրենց հայրենիքները հարուածած աղքատութենէն, պատերազմներէն եւ սովէն, ինչպէս՝ Իռլանտան հարուածած սովերը (Great Irish famines), նաեւ՝ Ափրիկէէն տարուած սեւամորթ ստրուկներով եւ այլն, ապա աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած աւելի բարօր կեանք փնտռողներով:

Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը եթէ բաղդատենք մեր հարեւաններէն միայն Ազերպայճանի հետ, որուն դէմ վերջին պատերազմը աղէտի վերածուեցաւ, ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, 1991-էն մինչեւ այսօր, մենք ունեցած ենք տարեկան մինչեւ 50.000 բնակչութեան նուազում, որ հետեւանք է ծնելիութեան ցած մակարդակին (անհրաժեշտ 2,1-ի փոխարէն 1,6), մինչ Ազերպայճան ներկայիս իր տասը միլիոն բնակչութեամբ, տարեկան մօտաւորապէս 50.000 աճ արձանագրած է եւ միայն վերջին երկու տարիներուն է, որ կայուն եղած է ծնելութեան մակարդակը՝ իջնելով 1,96-2,0-ի:

Ժողովրդագրական այս տխուր պատկերը փաստ է Հայաստանի բառացի մարդաթափման (depopulation): ԺԴ. դարուն ապրած թունուզցի արաբ պատմաբան եւ ժողովրդագրագէտ իպն Խալտուն ըսած էր, թէ մարդաթափութիւնը կ՚առաջնորդէ ամայութեան (desolation) եւ քաղաքակրթութեան հակադարձութեան (reversal of civilization):

Երկրի մը զարգացման համար անհրաժեշտ երեք գործօնները՝ ծնելութեան մակարդակ, մահեր եւ գաղթ, Հայաստանի պարագային բացասական պատկեր մը կը ներկայացնեն: Բնական աճը բացասական է, մինչ մահերու թիւը բարձր է՝ պատերազմական անվերջանալի դրութեան եւ առողջապահութեան նկատմամբ հասարակութեան անտարբերութեան պատճառով եւ վերջապէս գաղթը՝ ուղղակի պատճառ՝ պատերազմին եւ անոր առթած տնտեսական դժուարութիւններուն:

Այս երեք յիշատակուած գործօններով երկիրներ ընդհանրապէս յառաջացուցած կ՚ըլլան պատերազմներու մէջ պարտութեան անընդունելիութեան մշակոյթը, որուն վառ օրինակը Իսրայէլն է: Հայութիւնը այդ մշակոյթը երբեք չունեցաւ, ընդհակառակը՝ միշտ համակերպեցաւ կացութեան եւ նահանջեց:

Նոր իրավիճակ մը կայ հիմա եւ կը գտնուինք դէմ-յանդիման կացութեան մը, երբ այդ երեք բացասական գործօնները սրբագրելու եւ դրականի վերածելու պարտադրանքին առջեւ ենք. անոր համար առաջնահերթ է խաղաղութեան շատ դժուար ամրապնդումը եւ հաստատումը: Կը հասնի՞նք արդեօք այդ ցանկալի իրադրութեան, ոչ ոք կրնայ կռահել, որովհետեւ ան միայն մեզմէ կախեալ չէ։ Սակայն, կարեւորը գիտակցիլն է, թէ արդեօք պատրա՞ստ ենք խաղաղութեան, որովհետեւ խաղաղութեան եւ յաջորդ պատերազմին միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը աւելի դժուար է, քան՝ բուն պատերազմը:

Հետեւողական, նպատակասլաց արարելու, անդուլ կերպով զարգանալու եւ հզօր երկրի մը վերածուելու ձախողութիւնը բազմիցս կը վկայէ մեր պատմութիւնը:

Ճիշդ ա՛յդ խաղաղութեան համար պէտք է պատրաստուիլ:

«Ասպարէզ»

Մայիս 3