Պաքուի դատարանը 65-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը 15 տարի բանտարկութեան դատապարտած է

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ աւարտած է Բերձորի միջանցքով Հայաստանի Հանրապետութիւն անցնելու ժամանակ ազերպայճանական սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ ապօրինի առեւանգուած Արցախի բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի դատավարութիւնը։ Պաքու Արցախցին կը մեղադրէ «ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով», մասնաւորապէս՝ «1991-ին Խոճալուի շրջանի Մեշալի գիւղին վրայ զինեալ յարձակման համար», որու հետեւանքով իբրեւ թէ 25 Ազերպայճանցի սպանուած է։

Փաստօրէն իր շահերը միայնակ պաշտպանող Վագիֆ Խաչատրեան դատարանին մէջ բազմիցս հերքած է իր մասնակցութիւնը Մեշալիի դէպքերուն՝ պնդելով, որ ինք այդ օրերուն Շուշիի բանտը կը գտնուէր։

Դատարանի որոշումով ան 15 տարի բանտարկութեան դատապարտուած է։

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան այս կապակցութեամբ X-ի իր էջին գրած է, որ դատավարութեան ընթացքին չեն յարգուած միջազգային իրաւական չափանիշերն ու մարդկային իրաւունքներու երաշխիքները։ Ան յորդորած է միջազգային կազմակերպութիւններուն անյապաղ հակադարձել այս խնդրին։ ■

Խմբագրական