Պաքու բողոքագիր յղած է Եւրոպական Միութեան

 

Ազերպայճանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դեսպան Փեթեր Միխալքօ հրաւիրուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն (ԱԳ)։

Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութիւնը վերահաստատած է «իր լուրջ մտահոգութիւնը» Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան (EUMA) գործունէութեան վերաբերեալ՝ նշելով, թէ «նման գործունէութիւն կը հակասէ այդ ուղղութեամբ գոյացած նախնական համաձայնութիւններուն»։

Ըստ Պաքուի՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութիւն հաստատելու իր յայտարարութիւններուն հակառակ, առաքելութիւնը որպէս «հակաազերպայճանական քարոզչական գործիք կ՚օգտագործուի»։

Պաքու մեղադրած է ԵՄ-ը «հեռադիտակներով դիւանագիտութիւն» վարելուն համար՝ նշելով, թէ «առաքելութիւնը կը նպաստէ եւրոպացի պաշտօնեաներու եւ ոչ-պաշտօնական պատուիրակութիւններու՝ սահմանամերձ շրջաններ այցելութիւններուն»։

«Այդպիսի այցերը, առանց բացառութեան, կ՚օգտագործուին Ազերպայճանի դէմ ատելութիւն հրահրելու համար»,– նշուած է այդ երկրի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ շեշտուած է, թէ «յատկապէս մտահոգիչ է, որ “հեռադիտակային դիւանագիտութեան” աշխուժացումը տեղի կ՚ունենայ սահմանի երկայնքին աննախադէպ հանգիստ իրավիճակի պայմաններու տակ, երբ Ազերպայճան եւ Հայաստան վստահութեան ամրապնդման լուրջ քայլերու կը ձեռնարկեն»։

Խմբագրական