Search
Close this search box.

Պաքու կը պնդէ, որ հայկական բանակի անօդաչու սարք մը չէզոքացուցած է

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, թէ Մարտ 11-ի կէսօրին հայկական բանակի ստորաբաժանումները Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի (հաղորդագրութեան մէջ գրուած է՝ «Թովուզգեալի շրջանի Չինարլի») բնակավայրի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն փորձած են անօդաչու սարքով հետախուզական թռիչքներ կատարել «Թովուզ»-ի շրջանի «Էսրիկ» (Ասրիկ) բնակավայրի ուղղութեամբ ազերպայճանական բանակի դիրքերու վրայէն:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ «յայտնաբերուած անօդաչու սարքը յատուկ թեքնիք միջոցներով չէզոքացուած է»։

Հայկական կողմը առայժմ չէ մեկնաբանած Պաքուի հաղորդումը։

Մեծ հաւանականութեամբ, Պաքուէն յօրինուած  շինծու նոր պատճառաբանութիւն մըն է այս մէկը եւս, իր ռազմատենչ ծրագրերուն քիչ մը աւելի ճամբայ հարթելու համար, մինչ միւս կողմէ, քանի մը ատենէ ի վեր օրակարգի նիւթ դարձուցած է իբրեւ թէ Հայաստանի բռնագրաւած չորս գիւղերու հարց մը, «որոնք կը գտնուին Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի մէջ։ Եթէ ասոնց վրայ գումարելու ըլլանք ազերպայճանական ուժերու նոր լայնածաւալ ռազմափորձերը Նախիջեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ նոր զինամթերքի անդադրում  գնումները,– ի շարս այլոց՝ թրքական յարձակողական «Պայրաքթար» անօդաչուներու,– առանց մոռնալու մանաւանդ՝ ներքին ճակատի վրայ ալ ժողովուրդի կիրքերը բորբոքելու ուղղուած արշաւը (սովորական հակահայ քարոզչութեան կողքին՝ ապօրինաբար գերի պահուող՝ Արցախի նախկին ղեկավարներու հարցազրոյցներ պարտադրելով եւ զանոնք ո՜վ գիտէ ինչ «խոստովանութիւններ», ի՜նչպիսի «գրգռող» արտայայտութիւններ արտաբերելու ստիպելով, կամ պարզապէս անոնց ըսածները խեղաթիւրելով, միաժամանակ «Ղարաբաղի հերոսական գրաւման յատուկ գործողութեան» տեսանիւթեր ալ սփռելով, եւ ո՜վ գիտէ ի՜նչ համեմներով համեմուած)…

Դժբախտաբար, այս բոլորը բացարձակապէս յոռետեսութեան մղող ազդանշաններ են՝ յուսալով, որ կը սխալինք։