Search
Close this search box.

«Պաքու որեւէ ողջամիտ հիմնաւորում չի ներկայացներ՝ մերժելով Հայաստանի առաջարկը»

Երեւանի անդրադարձը՝ Պայրամովի մերժումին

Հայաստանի իշխանութեան ուժի երեսփոխան Արսէն Թորոսեան անդրադառնալով Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի՝ զօրքերը փոխադարձ կարգով սահմանէն ետ քաշելու Երեւանի առաջարկը մերժելուն, ըսած է, թէ Պաքու այդ կապակցութեամբ որեւէ ողջամիտ հիմնաւորում չի ներկայացներ։

Թորոսեանի կարծիքով՝ Ազերպայճան իր բանակցային դիրքերը հզօրացնելու պատճառով կը մերժէ հայկական կողմին առաջարկը, մինչդեռ եթէ Պաքուի նպատակը իրական խաղաղութիւնն է, պէտք է համաձայն ըլլայ այս եւ միւս սկզբունքներուն:

“Տարօրինակ է երբ կ՚ըսեն, թէ քարտէսներ չկան, սահմանազատում չէ եղած, իրականութեան մէջ ամէն ինչ ալ կայ, եւ 91 թուականի Ալմաթիի հռչակագրով երկու հանրապետութիւնները անկախացած են իրենց վարչական, խորհրդային սահմաններով, եւ այդ գոյութիւն ունի”,– նշած է երեսփոխանը: