ՊԵԼՃԻՔԱ – Պրիւսէլի մէջ կատարուած է Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակին բացումը

Մարտ 24-ին, Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակին բացման արարողութիւնը։

Գրասենեակին կարմիր ժապաւէնը կտրած են Մայք եւ Էվելինա Սարեան, որոնց ընտանիքի առատաձեռն նուիրատւութեան շնորհիւ կարելի եղած է ձեռք ձգել նոր գրասենեակը։ Ներկայ եղած են քանի մը տասնեակ հիւրեր, անոնց մէջ՝ Եւրոպայի գրասենեակի երկարամեայ բարերարներ Րաֆֆի Արսլանեան եւ Ատոմ Թնճուկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան, պելճիքացի երեսփոխաններ, լրագրողներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Բացման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ելոյթ ունեցողները երախտագիտութեան խօսքեր ձօնած են բոլոր անոնց որոնք որեւէ ջանք չեն խնայած ի նպաստ Գրասենեակի աշխատանքներուն։

Բարերար Մայք Սարեան իր խօսքին մէջ նշած է. “Իրապէս մեծ պատիւ է նուիրատւութիւն կատարել ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին՝ ի յիշատակ մեր հօր՝ Երջանիկ Սարեանի։ Մեր փափաքն է, որ այս գրասենեակը երջանկութեան աղբիւր դառնայ բոլոր այն Հայերուն համար, որոնք հաւատարիմ են ու նուիրուած Հայ դատի պայքարին։ Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք գրասենեակի անձնակազմին եւ մեր համայնքի անդամներուն՝ յուսալով, որ այս մռայլ օրերուն կը շարունակեն իրենց նուիրական գործունէութիւնը”։

Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարներուն՝ իրենց առատաձեռնութեան համար:

Խմբագրական