ՊՈԼԻՍ – Անծանօթներ Պոլսոյ իտալական մէկ եկեղեցին խուժած ու կրակ բացած են. կայ զոհ մը

Յունուար 28-ին, շուրջ 50 հաւատացեալներու ներկայութեան՝ կիրակնօրեայ պատարագի պահուն, դիմակաւոր երկու անծանօթ խուժած է Պոլսոյ Սարըյեր համայնքին մէջ գտնուող իտալական կաթողիկէ Սանթա-Մարիա եկեղեցի ու կրակ բացած: Յարձակման զոհ գացած է մէկ հոգի։ Մինչ սկիզբը կ՚ըսուէր, թէ կան նաեւ վիրաւորներ, աւելի ուշ Պոլսոյ նահանգապետը յայտարարած է, թէ արարքը մեծ հաւանականութեամբ զոհ գացած անձին դէմ ուղղուած էր եւ ուրիշ զոհ կամ վիրաւոր չկայ, նոյնիսկ եթէ դէպքին պահուն մեծ խուճապ ստեղծուած է։

Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա այս կապակցութեամբ հաղորդած է, թէ նախաձեռնուած է լայնածաւալ հետաքննութեան: “Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այս արարքը”,– ըսած է ան։ Էրտողան ալ ցաւակցութիւն յայտնած է։

Կիրակի իրիկուն թրքական ոստիկանութիւնը յայտարարած է, թէ արդէն ձերբակալուած են երկու կասկածեալները։ ■

Խմբագրական