ՊՈԼԻՍ – Բացում՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ․ պատրիարքի կիսանդրիին

Համաձայն աւան­դա­կան սո­վորու­թեան, Ս. Զատ­կի յա­ջոր­դող օրը հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար ննջե­ցելոց յի­շատակ­ման յա­տուկ օր է։ Ար­դա­րեւ խուռնե­րամ բազ­մութիւն հաւաքուած էր քա­ղաքի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նատու­նե­րէն ներս, յատ­կա­պէս ալ Պա­լըք­լըի եւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նատու­նե­րուն մէջ։

Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նատան մէջ կար յա­ւելեալ ոգե­ւորու­թիւն, քա­նի որ Սա­հակ Բ. պատ­րիարք հայ­րը բա­ցու­մը կը կա­տարէր Ս. Սար­գիս մատ­ռան հրա­պարա­կին վրայ տե­ղադ­րո­ւած երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Բ. պատ­րիարք Հօր կի­սանդրիին։

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան մաս­նակցե­ցան Պոլսոյ Աթո­ռին եր­կու եպիս­կո­պոս­նե­րը՝ Եզ­նիկ ար­ք. Պետ­րո­սեան ու Արամ ար­ք. Աթէ­շեան, միաբան­ներ՝ Զա­քէոս ծ. վրդ. Օհա­նեան, Յա­րու­թիւն վրդ. Տա­մատեան, Յո­վակիմ վրդ. Սե­րով­բեան, Շնորհք աբղ. Տօ­նիկեան, Գաս­պար աբղ. Կա­րապե­տեան, Պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ Գրի­գոր աւ. քհնյ Տա­մատեան, Զա­ւէն աւ. քհնյ Պչաք­ճեան, Նա­թան քհնյ Արա­պեան, Մել­քոն քհնյ Փնար­ճեան, հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թեանց ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ հա­ւատա­ցեալ­ներ։

Սա­մաթիոյ Թա­ղային խոր­հուրդի ատե­նապետ Նուրհան Տա­վուլճեան հան­դէս եկաւ սրտի խօս­քով եւ ըսաւ թէ պարտք կը զգան մեր հա­մայնքի մե­ծու­թիւննե­րուն ար­ժա­նի յար­գանքը ցոյց տա­լու։ Ան նշեց թէ Արամ ար­ք. Աթէ­շեանի առա­ջար­կով, Վազ­գէն Պա­րընի ճար­տա­րապե­տու­թեամբ եւ Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լուի նո­ւիրա­տուու­թեամբ ու յար­գո­ւած արուես­տա­գէտ Էրոլ Սա­րաֆեանի ձե­ռամբ պատ­րաստո­ւած է երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Բ. պատ­րիար­քի կի­սանդրին։

Ապա խօ­սեցաւ Սահակ պատրիարք, որ յատկապէս ըսաւ. “Այսօր մե­ռելոց յի­շատակ է։ Մենք գե­րեզ­ման կու գանք, ոչ թէ փո­շի դար­ձած աճիւննե­րուն կամ մար­մա­րեայ շի­րիմ­նե­րուն այ­ցե­լելու, այլ յար­գանք ցու­ցա­բերե­լու անոնց յի­շատա­կին՝ յա­րու­թեան հա­ւատ­քով”։

Պատ­րիարք Հայ­րը հրա­ւիրեց Արամ ար­քե­պիս­կո­պոսը, երա­նաշ­նորհ Պատ­րիարք հօր տի­րամայ­րը՝ Մա­րի Մու­թա­ֆեանը եւ միաս­նա­բար վերցուցին կի­սանդրին ծածղկող սպի­տակ շղարշը։

Ապա Սա­մաթիոյ Թա­ղային խոր­հուրդը Պատ­րիարք հօր եւ Տի­րամօր ձե­ռամբ ար­ծա­թեայ յու­շապնակ­ներ նո­ւիրեց ճար­տա­րապետ Վազ­գէն Պա­րընին եւ բա­րերար Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լո­ւին։

Խմբագրական