ՊՈԼԻՍ – Հանդիսաւոր արարողութիւններ՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին առթիւ

Դեկտեմբեր 16-ին, Պէյօղլուի Կաթողիկէ հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կամարներուն տակ նշուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի ամենայն Հայոց հայրապետի վախճանման 850-ամեակը՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան եւ Հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան միատեղ ջանքերով։

Հանիսաւոր արարողութեանց նախագահած է Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը։ Պատրիարքին կողքին ներկայ եղած են Յարութիւն վրդ. Տամատեան,  Յովակիմ աբեղայ Սերովբեան, Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեան, Սարգիս աւ. քհնյ Գույումճեան, Կորիւն աւ. քհնյ Ֆէնէրճեան եւ Տրդատ աւ. քհնյ Ուզունեան։ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիանի գլխաւորութեամբ արարողութեան մասնակցած են Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան, Աբրահամ ծ. վրդ. Ֆրաթեան, Միքայէլ վրդ. Ուչար եւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներ։

Հանդիսութեան մասնակցած են  համայնքային վարժարաններէ ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ մշակութասէր գործիչներ։

Յարութիւն վրդ. կարդացած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը։ Ձեռնարկը շարունակուած է խաղաղական ժամերգութեամբ, որու ընթացքին բանախօսած են Լեւոն արք. Զէքիեան՝ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի՝ համաքրիստոնէական առանձնացող մեծութիւն, ռահվիրայ՝ եկեղեցիներու համամիութեան» նիւթին շուրջ, ներկայացնելով Սուրբին միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքի մասին մտորումները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Պատրիարք հօր, որուն օրհնութեամբ, Պոլսոյ պատմական շրջանի մը մէջ միասնաբար կը նշուէր Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի յիշատակը։ 

Այնուհետեւ Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեան ներկայացուցած է Շնորհալիի գրական վաստակը։

Խաղաղական ժամերգութեան աւարտին ներկաները միասնաբար արտասանած են Շնորհալիի գրի առած «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը։

Հուսկ բանքը արտասանած է Պատրիարք հայրը, յայտնելով, որ Սուրբ Ներսէսի հուրը տակաւին չէ շիջած, նկատի ունենալով որ Անոր աղօթքները, շարականները այսօր եւս կ՚երգուին եկեղեցիներուն մէջ։ Ան թելադրած է որ Սուրբին գրի առած աղօթքները ա՛լ աւելի տեղ գտնեն մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, որովհետեւ այդ մէկը թէ՛ իբրեւ հոգեւոր ժառանգութիւն պիտի մեծարէ մեր անցեալի արժէքները, եւ թէ՛ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր զրոյցներուն եւ խօսակցութեան մէջ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասած է միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։ 

Հուսկ, եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ սարքուած է սիրոյ սեղան մը։

Խմբագրական