Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Հայաստանին

Մարտ 18-ին կայացած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ 27 երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, ի շարս այլ հարցերու, քննարկուած է նաեւ ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։

Նիստի աւարտին ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու քաղաքականութեան ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին հաղորդած է, թէ նախարարները յիշեցնելով Նոյեմբերին տեղի ունեցած նիստին հրապարակուած բոլոր տարրերը՝ վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու նոր օրակարգի աշխատանքներուն։