ՊՐԻՒՍԷԼ – «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութիւնը Պրիւսէլի մէջ համախմբած է Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները

Մարտ 24-ին, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութիւնը Պրիւսէլի մէջ համախմբած է Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները՝ Արցախի շահերու պաշտպանության ուղղութեամբ յառաջիկայ ընելիքները քննարկելու համար։ Քննարկման մասնակցած են Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Ռումանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Քննարկման հիմնական օրակարգը՝ Ապրիլ 24-ին ընդառաջ ամբողջ Եւրոպայի մէջ ոգեկոչման միջոցառումներու կազմակերպական հարցերը եղած են՝ Արցախեան հիմնախնդիրը միաժամանակ պահելով ձեռնարկներու առանցքին։

Հիմնական քննարկումները ծաւալած են նաեւ ինքնորոշման եւ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքին շուրջ։ Ընդգծուած է Հայաստան տեղահանուած 150.000 Արցախահայերու բնակարանային կարիքները հոգալու հրատապ պահանջը՝ առժամեայ բնակութեան վայրերու մէջ անոնց արժանապատիւ կեանքը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, մինչեւ որ իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութեամբ Արցախի հայութիւնը կարենայ ապահով վերադառնալ հայրենիք:

Քննարկումներու ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ համաեւրոպական ընտրություններուն հայ համայնքներու դերին՝ ընդգծելով նոր խորհրդարանին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան հրամայականը։

Խմբագրական