ՊՐԻՒՍԷԼ – «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի կեդրոնին մէջ բացուած է Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսը, Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարին ներկայութեան

Նոյեմբեր 10-ին, Պրիւսէլի ամէնէն նշանաւոր մշակութային օճախներէն մէկը համարուող «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի (Boghossian Foundation) կեդրոնին (Villa Empain) մէջ բացուած է «Հայաստան․ խորասուզուիլ սրբազան արժէքներու մէջ» (Armenia. Contemplating the Sacred) խորագրով ցուցահանդէսը, որ մինչեւ 2024 Սարտ 10 այցելուներուն կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութիւնը։

“Վերջին շաբաթներու ողբերգական իրադարձութիւնները կու գան փաստելու, որ խօսքը տառապանքի պատմութեան մասին է։ Յամենայն դէպս, հմայքը կը մնայ անփոփոխ՝ յանձին այս քաղաքակրթութեան բնորոշ բացառիկ ճարտարապետական եւ մշակութային ժառանգութեան։ Մեզի համար շատ կարեւոր էր եւ խորհրդանշական նման ցուցահանդէսի բացումը, որ ակնդիրին կը ներկայացնէ թէ՛ կանգուն, թէ՛ ալ արդէն անհետացած կամ անհետացման շեմին գտնուող մշակութային կոթողները”,– կ՚ըսէ հիմնադրամի տնօրէն և ցուցահանդէսի խնամակալներէն Լումա Սալամէ՝ աւելցնելով, թէ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի պատմութիւնը անմիջականօրէն կապուած է նաև քրիստոնէութեան պատմութեան հետ։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ, Պելճիքայի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, ականաւոր այլ գործիչներ, արուեստագէտներ։

Նախարարուհի Լահպիպ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին յայտնած է, թէ առիթ ունեցաւ խորասուզուելու հայկական մշակոյթի ծալքերուն մէջ եւ նորարարական արհեստագիտութեան շնորհիւ տեսնելու մշակութային այնպիսի կոթողներ, որոնք այսօր անհետացման շեմին կը գտնուին։ “Այսօր բացայայտեցինք հարստութիւններ, որոնք ցաւօք այլեւս հասանելի չեն Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով: Այս ցուցահանդէսը թէ՛ ոգեշնչող է, թէ՛ տխուր՝ նկատի առնելով տեղւոյն վրայ տիրող կացութիւնը, եւ հետեւաբար, ան կը յիշեցնէ մեզի, որ պէտք է պահպանենք այս ամէնը եւ աշխատինք յանուն խաղաղութեան ու մշակոյթի պահպանման”,– շեշտած է տիկին Լահպիպ։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ բացառիկ նմուշներ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի հայկական թանգարանէն․ մանրանկարներ, ձեռագրեր, հանրութեան երբեք չցուցադրուած պատարագի թանկարժէք իրեր, որոնք տեղադրուած են ժամանակակից արուեստագէտներու՝ Սարգիսի, Մխիթար Կարապետեանի, Անթուան Ակուճեանի, Ժան Պօղոսեանի, Այտա Ղազարեանի եւ Փասքալ Գոնվերի գործերու կողքին:

Անթուան Ակուճեան եւ Այտա Ղազարեան շեշտը կը դնեն նոյն գաղափարին վրայ, թէ արուեստը կենսական նշանակութիւն ունի Հայու ինքնութեան մէջ։ Լուսանկարիչ Ակուճեան իր գործերով վառ կը պահէ յիշողութիւնը, իսկ նկարիչ Ղազարեան իր կտաւներուն մէջ կ՚օգտագործէ սեփական մատնահետքը։ Երկուքին համար ալ նպատակը նոյնն է՝ գոյատեւել ժամանակի մէջ։

Iconem նորարարական համացանցային ձեռնարկութեան (Start-up) հետ համագործակցութեամբ, որ մասնագիտացած է վտանգի տակ գտնուող մշակութային ժառանգութեան կոթողներու 3D թուայնացման մէջ, ցուցահանդէսին ներկայացուած են տեսանիւթեր, որոնց շնորհիւ այցելուներուն կ՚առաջարկուի բացառիկ «պտոյտ»՝ բացայայտելու այնպիսի պատմական վայրեր, ինչպիսիք են Գեղարդը, Հաղպատը, Հայրավանքը, Կիրանցը կամ Առաքելոցը, Մեղրիի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին եւ այլն։

Խմբագրական