ՌՈՒԱՆՏԱ – Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգ մը կրնա՞յ անտեսել ուրիշ ազգի մը ցեղասպանութիւնը

Քիկալիի ցեղասպանութեան թանգարանը

Ռուանտայի Ցեղասպանութեան թանգարանէն վերցուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերը

Մեր վերջին խմբագրականին խորագիրն էր «Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ մը կրնա՞յ ցեղասպանութիւն գործել»։ Բաց կը մնայ վիճարկումի դաշտը տարբեր կարծիքներու առջեւ։

Ցեղասպանութեան նիւթով բազմաթիւ այլ հարցումներու շարքին կայ հատ մըն ալ, որու պատասխանը արդէն տրուած է, ստոյգ է. այդ հարցումն է. «Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ մը կրնա՞յ ուրանալ, կամ անտեսել ուրիշ ժողովուրդի մը ցեղասպանութիւնը»։ Այս մասին արդէն բաւական բացայայտ նախաճաշակ մը տուած է մեզի Իսրայէլ, որու դէմ՝ ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ յարուցուած դատն իսկ էր դրդապատճառը վերոնշեալ մեր խմբագրականին։ 

Իսրայէլ ուրացած չըլլալով հանդերձ Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբեք ալ չէ ճանչցած պաշտօնապէս, եւ ա՛լ աւելի դատապարտելին՝ զայն ստորնացնելով վերածած է գռեհիկ խաղաքարտի մը, որ կը գործածէ Թուրքիոյ հետ իր իւրաքանչիւր բախումին։ 

Հիմա, սակայն, մեր՝ Ռուանտայի պարագան։ 

Այդ երկրի մայրաքաղաքին՝ Քիկալիի մէջ գտնուող ու Թուցիներու ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանէն «անհետացած են» Հայոց ցեղասպանութեան յղում կատարող բացարձակապէս բոլոր նշումները։  Բո՛լորը վերցուած են։ Լուրը կը հաղորդէ «Լը Փուէն» շաբաթաթերթը, իսկ գրութեան հեղինակն է Հայոց քաջ ծանօթ, անխոնջ, անաչառ լրագրող Կիյոմ Փերիէ, որ Թուրքիոյ մասնագէտ մըն է, նաեւ այդ երկրին մէջ երկար տարիներ ֆրանսական մամուլի զանազան անուններու թղթակիցը հանդիսացած ըլլալով։ Ան, առանց վարանելու կը նշէ, թէ ռուանտական իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են թրքական ճնշումներու տակ։

Թրքական մամուլին մօտէն հետեւողներս կրնանք հաստատել, թէ ճի՛շդ է՝ որոշ ժամանակէ ի վեր, յատկապէս իշխանամէտ մամուլին մէջ, յաճախ գովքը կը հիւսուի Թուրքիոյ մերօրեայ դիւանագիտութեան ափրիկեան ծալքերուն, այն շեշտադրութեամբ, որ այդ ցամաքամասին վրայ պատմականօրէն իշխած արեւմտեան պետութիւնները (խօսքը յատկապէս ուղղելով Ֆրանսայի, որ Անգարայի կողմէ կը համարուի թշնամական կեցուածքի տէր պետութիւն մը… ծանօթ պատճառներով) «մէկ-մէկ կը վռնտուին» հոնկէ, իրենց տեղը զիջելով «մեծ եղբայր Թուրքիոյ»։ Այս ու նման բաներ կարդալով՝ կը մտածէինք, թէ իշխանութեան ընտրողներուն ուղ-

ղուած քարոզչութեան սահմանը չեն անցնիր այս յայտարարութիւնները։ Մինչդեռ հիմա ականատեսը կ՚ըլլանք հակառակ փաստին։ 

Առ որ անկ է։

Ա. Դ. ■

Խմբագրական