ՌՈՒՄԱՆԻԱ – Պուքրէշի մէջ քննարկում՝ նուիրուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ Արցախահայերու ընկերային կացութեան

Նոյեմբեր 14-ին, Ռումանիոյ Կրօնից պետական քարտուղարութեան կազմակերպութեամբ եւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ, Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում՝ նուիրուած Արցախի պատմա-մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախահայութեան մարդասիրական ծանր վիճակի վերացման ուղղուած Ռումանիոյ կառավարութեան եւ եկեղեցական համայնքներու ներգրաւման։

Հանդիպումը ղեկավարած է Ռումանիոյ Կրօնից պետական քարտուղար  Չիփրիան Օլինիչ. մասնակցած են թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան եւ Ռումէն-կաթոլիկ, Յոյն-կաթոլիկ, Հունգար-լուտերական եւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Ռումանիոյ թեմական խորհուրդի անդամներ, քահանաներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան եւ մասնակիցներուն ներկայացուցած Արցախահայութեան ծանր կացությունը եւ առկայ մարտահրաւէրները՝  ընդգծելով վերջիններուս օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը։

Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան անդրադարձած է Արցախի հոգեւոր եւ պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան՝ ներկայացնելով Ազերպայճանի կողմէ գործադրուող մշակութային ցեղասպանութեան փաստագրուած ապացոյցներ։

Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան ներկայացուցած է ազերպայճանական յարձակման հետեւանքով 100․000-է աւելի բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան ընկերային-տնտեսական եւ բարոյա-հոգեբանական դժուար վիճակը եւ առ այդ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող ծրագրերը։

Ապա ելոյթներով հանդէս եկած են մասնակից բոլոր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, պատրաստակամութիւն յայտնելով նպաստելու Արցախահայութեան ընկերային նախաձեռնութիւններուն։

Ռումանիոյ Կրօնից պետական քարտուղարութիւնը, համագործակցութեամբ Ռումանիոյ Հայոց թեմին, անգլերէնէ ռումաներէնի թարգմանած եւ հրատարակած է Արցախի հոգեւոր, պատմամշակութային ժառանգութեան եւ Արցախի մասին տեղեկատուական գրքոյկ մը, որ բաժանուած է բոլոր մասնակիցներուն։

Խմբագրական