Ռուսաստանի կարմիր քարտը Հայաստանին

Անթալիոյ դի­ւանա­գիտա­կան հա­մաժո­ղո­վին Լաւ­րով զգու­շա­ցուց Հա­յաս­տա­նը, թէ կա­րելի չէ ՀԱՊԿ-էն (Հա­ւաքա­կան ան­վտան­գու­թեան պայ­մա­նագի­րի կազ­մա­կեր­պու­թիւն) դուրս գալ եւ մնալ ԵԱՏՄ-ի մէջ (Եւ­րա­սիական տնտե­սական միու­թիւն)։ Պարզ է որ Ռու­սաստան պի­տի չհան­դուրժէ որ Հա­յաս­տան օգուտ քա­ղէ Եւ­րա­սիական յա­րա­բե­րու­թիւննե­րու տնտե­սական աճէն, առանց պահ­պա­նելու Հա­յաս­տա­նի վրայ քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան գե­րակա­յու­թիւ­նը, ինչպէս եղած է ան­ցեալ 30 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։

Մին­չեւ Ներ­քին Հան­դի միջադէպը՝ Փետրուարին, որուն զոհ գնաց 4 հայ սահ­մա­նապահ, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը շատ զգու­շա­ւոր էին Ռու­սաստա­նի հետ, փոր­ձելով ռազ­մա­վարա­կան կա­պերը չվնա­սել, հա­ւասա­րակշռուած դիր­քեր պահ­պա­նել։ Նոյ­նիսկ Պատժական մի­ջազ­գա­յին ատ­եա­նին միանա­լու ընթացքին, Փու­թի­նի Հա­յաս­տան այ­ցի պարագային՝ անոր ձեր­բա­կալ­մ­­ան վե­րաբե­րեալ հար­ցումին ի պա­տաս­խան՝ Փա­շինեան մտա­վախու­թիւննե­րը փա­րա­տե­լու նպա­տակով յայ­տա­րարեց, թէ պե­տա­կան երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւններ կան, զորս պէտք է յար­գել։ Իսկ ՀԱՊԿ-ի պա­րա­գա­յին, կա­ռավա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը այն էր, որ Հա­յաս­տան դուրս պի­տի չգայ ՀԱՊԿ-էն, այլ ՀԱՊԿ-ն է որ չկա­տա­րե­լով իր հա­ւա­քա­կան անվտան­գութեան իր պար­տա­ւորու­թիւննե­րը լքած կ՚ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը։

Սա­կայն, հա­կառակ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան զգու­շա­ւորու­թեան, ռու­սա­կան կող­մին հա­մար ժա­մանա­կը հաշ­ւուած է, որ­քան եր­կա­րաձ­գուի Ուքրաինա­կան պա­տերազ­մը՝ այնքան ռու­սա­կան դիր­քե­րը խարխլե­լու վտան­գի տակ են Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ։ Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մէն ետք, Հա­յաս­տա­նի մէջ Ռու­սաստա­նի կռուան­նե­րը թու­լցած են։ Ընդդի­մու­թիւնը, ու­ժասպառ է, Ար­ցա­խի գաղ­թա­կան կա­ռավա­րու­թիւնը եւ Ար­ցա­խահա­յու­թիւնը որոնց վրայ պահ մը յոյս դրած էր ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւնը, որ ժո­ղովրդա­յին դժգո­հու­թիւն պէտք է յա­ռաջաց­նէին ու պա­հան­ջէին կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը՝ Ար­ցա­խի պաշտպա­նու­թիւնը ստանձնած չըլ­լա­լու մեղադրանքով, չարդարացուցին այդ յոյսը։ Ընդհա­կառա­կը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդն է, որ սար­սա­փելիօրէն թշնա­մու­թեամբ լե­ցուած են Ռու­սե­րուն հան­դէպ, անոնց ցու­ցա­բերած ան­գոր­ծու­թեան եւ Ազե­րինե­րուն հետ մեղ­սակ­ցու­թեան պատ­ճա­ռով։

Ազեր­պայճա­նի եւ Ռու­սաստա­նի ռազ­մա­վարա­կան ու տնտե­սական շա­հերը հետզհետէ նոյ­նա­կանա­նալու վրայ են։ Ռու­սաստան Ազեր­պայճա­նէն կա­խեալ է իր քա­րիւղն ու կա­զը ար­տածե­լու  համար Եւ­րո­պա։ Ազեր­պայճա­նի ճա­նապար­հա­յին ցան­ցը կը գոր­ծա­ծէ Իրա­նի հետ կապ հաս­տա­տելու հա­մար։ Իսկ Ազեր­պայճան նոյնքան պէտք ու­նի Ռու­սաստա­նի կա­զին ու քա­րիւ­ղին՝ տնտե­սական գետ­նի վրայ, սա­կայն աւե­լին՝ վեր­ջի­նիս պէտք ու­նի Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մին հար­ցով մի­նակ չմնա­լու հա­մար Եւ­րո­պական Միու­թեան եւ ԱՄՆ-ու դի­մաց։ Թէեւ ու­նի նաեւ Թուրքիոյ նե­ցու­կը, սա­կայն այս շրջա­նին Թուրքիա աւե­լի մեղմ դիր­քո­րոշում բռնած է ԱՄՆ-ու եւ Եւ­րո­պայի հան­դէպ, որով­հե­տեւ ամե­րիկեան F-16 ռազ­մա­կան օդա­նաւեր գնե­լու գոր­ծընթա­ցի մէջ է եւ բնաւ չի հա­մար­ձա­կիր ԱՄՆ-ու ղե­կավա­րու­թեան հա­կառակ քա­ղաքա­կան քայլ մը առ­նե­լու։ Թրքա­կան կա­ռավա­րու­թեան այդ զուսպ դիր­քը զգա­լի էր նաեւ Ան­թա­լիոյ դի­ւանա­գիտա­կան հա­մաժո­ղովին, որ­մէ ետք նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի հետ, մէկ ու կէս տա­րուան ընդմիջու­մէ ետք, բա­նակ­ցութիւննե­րը վերսկսե­լու որո­շում կայացուց։

Ներ­քին Հան­դի ազե­րական յար­ձա­կու­մին հայ­կա­կան բա­նակի 4 զո­հերը ցոյց տուին որ Սիւ­նիք տե­ղակա­յուած ռու­սա­կան զօր­քը ոչ միայն չէ կրցած առաջ­քը առ­նել ազե­րական յար­ձա­կու­մին, այլ թե­րեւս ալ հրահ­րած է։ Այդ դէպ­քէն ետք, իշ­խա­նու­թեան դիր­քե­րը շատ կոշ­տա­ցան Հա­յաս­տա­նի մէջ Ռու­սաստա­նի ռազ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ անոր հետ ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թեան նկատ­մամբ։ ՀԱՊ­Կ-ի մա­սին Փա­շինեան յայ­տա­րա­րեց, որ գոր­ծակցու­թիւնը սա­ռեցուած է, եթէ պէտք է նաեւ իրա­ւական քայ­լի կը դի­մէ, այ­սինքն հե­ռանա­լու։ Խորհրդա­րանի նա­խա­գա­հը ակ­նարկեց Զուարթնոց օդա­կա­յա­նէն ռուս սահ­մա­նապահ­նե­րը հե­ռաց­նե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Եւ այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ Վար­չա­պետը այ­ցե­լեց՝ Վրաս­տան, Գեր­մա­նիա, Ֆրան­սա, Յու­նաս­տան, որ­մէ ետք Հա­յաս­տան այ­ցե­լեցին Ֆրան­սա­յի եւ Յու­նաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը, որոնք Հա­յաս­տա­նի հետ ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեցին։

ԵԽԽՎ-ի մէջ, ազե­րական պա­տուի­րա­կու­թեան մաս­նակցու­թեան առկախումը եւս մեծ ճնշում է Ազեր­պայճա­նի վրայ։ Վեր­ջինս ստի­պողա­բար վե­րադար­ձաւ բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Շոլ­ցի միջ­նորդու­թեամբ, որ շա­րու­նա­կուե­ցաւ երեք եր­կիրնե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու եր­կօ­րեայ հան­դի­պում­նե­րով։ Այս լա­րուած պայ­մաննե­րու մէջ է որ Լաւ­րով զգու­շա­ցուց Հա­յաս­տա­նը ՀԱՊ­Կ-էն դուրս գա­լու հե­տեւանքնե­րուն մա­սին։ Եւ իրա­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի հա­մար Ռու­սաստան կը մնայ թիւ մէկ առեւտրա­կան գոր­ծընկե­րը եւ ու­ժա­նիւ­թի գլխա­ւոր մա­տակա­րարը։ Ռու­սաս­տան այդպի­սի սպառ­նա­լիքի տակ դնե­լով Հա­յաս­տա­նը, ներ­կայ դրու­թեան մէջ կ՚ար­տա­յայ­տէ իրեն հա­մար եւս Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, չկլա­նուե­լու հա­մար թուրքե­ւազե­րական դաշ­նակ­ցու­թե­նէն։

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական