Search
Close this search box.

Ռուսաստան Արցախը զիջելով՝ դուռ բացաւ ԱՄՆ-ու եւ եւրոպայի Հայաստան մուտքին

Սեպտեմբեր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին յաջող միջնորդութեամբ եւ Թուրքիոյ հետ գործակցելով, Ռուսաստան կրցաւ յաջողցնել Լաւրովեան ծրագիրը, որու գլխաւոր նպատակն էր Արեւմուտքը, յատկապէս ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի երկու համանախագահները Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումի գործընթացէն դուրս ձգել։

Հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումով, յաղթական Ազերպաճան, Հայերուն ի նպաստ չմիջամտելուն համար Ռուսաստանը հատուցեց եւ իբրեւ երախտիք թոյլ տուաւ որ ան խաղաղապահ զօրքեր մտցնէ Արցախ եւ Բերձորի միջանցքին երաշխաւորը դառնայ։

Չբաւարարուելով այսքանով, Ազերպայճան Բերձորի միջանցքին դիմաց Հայաստանէն պահանջեց Սիւնիքի միջանցքը, որպէսզի կապ հաստատէ Նախիջեւանի հետ։ Մերժեց ճանչնալ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անդադար յարձակումի ենթարկեց, գրաւեց ինքնիշխան Հայաստանի տարածքներ, միշտ Ռուսաստանի մեղսակցութեամբ։ Դաշնակից Ռուսաստանին եւ ՀԱՊԿ-ին ուղղուած՝ Հայաստանի ռազմական օգնութեան բոլոր դիմումները մնացին անպատասխան։

Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանի համար կարեւոր էր ռազմավարական գետնի վրայ գտնել նոր դաշնակիցներ եւ իր բանակը վերակազմելու, զինելու, զինամթերք գնելու նոր աղբիւրներ, որովհետեւ Ռուսաստան դրժեց նոյնիսկ Հայաստանի զինամթերք մատակարելու համաձայնութիւնը։

Պատերազմէն ետք Ազերպայճան-Ռուսաստան-Թուրքիա թաքուն դաշինք մը գործեց եւ դեռ կը գործէ ի վնաս Հայաստանի եւ Արցախի, որ յանգեցուց Արցախի իննամսեայ ամբողջական պաշարումին եւ անկէ ետք Սեպտեմբեր 19-ի լայնածաւալ յարձակումին, Արցախի ժողովուրդը ստիպելով վախի ու մահուան սպառնալիքի տակ լքելու իր բնակավայրն ու փախչելու Հայաստան։

Ուքրաինայի պատերազմը Հարաւային Կովկասի մէջ ուժային յարաբերութիւնները բոլորովին փոխեց։ Զօրացուց Ազերպայճանն ու Թուրքիան ի հեճուկս Ռուսաստանի, որ երթալով աւելի ու աւելի ենթարկուեցաւ Ազերպայճանի քմահաճոյքին, այն աստիճան որ չկրցաւ Բերձորի միջացքին ազատ երթեւեկութիւնը ապահովել։ Չկրցաւ Ազերպայճանի յարձակումները զսպել Հայաստանի ու Արցախի դէմ։ Բայց կայ աւելի ծանր ամբաստանութիւն Ռուսաստանի դէմ, որ բազմաթիւ դաւադրական հնարքներ գործածեց Հայաստանին պարտադրելու Սիւնիքի միջանցքին զիջումը Ազերպայճանին՝ Բերձորի միջանցքի վերաբացման դիմաց, որ իբրեւ թէ պիտի վերահսկուէր ռուս խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ։

Այս պայմաններուն մէջ է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու ԱՄՆ-ն, ի տես Ռուսաստանի թերացումներուն՝ քաղաքական բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպեցին Ազերպայճանի նախագահին ու Հայաստանի վարչապետին միջեւ Ուաշիկթընի եւ Պրիւսէլի մէջ։ Արցախի կորուստը աւելի եւս շեշտեց ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Հայաստանին։ Առիթ դարձաւ, որ Սամանթա Փաուըր՝ ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավարը եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ Սեպտեմբեր 25-ին ժամանեն Հայաստան՝ հաստատելու ԱՄՆ-ու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկելու Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին բռնութիւններէն բխող մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ուղղութեամբ։ Ֆրանսա նոյնպէս, իր Արտաքին գործոց նախարարուհիին՝ Քաթրին Գոլոնայի բերնով յայտարարեց, որ հիւպատոսարան պիտի բանայ Սիւնիքի մէջ։

Իսկ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դէմ ժողովրդային ցասումը երթալով թափ ստանալու վրայ է, որքան ալ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը փորձէ ծածկել զայն եւ մեղքը բարդել գործող իշխանութեան վրայ։

Ժ.Չ. ■