Search
Close this search box.

Ռուս խաղաղապահները սկսած են մեկնիլ Արցախէն

Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ ծայր առած է Արցախի տարածքէն ռուս խաղաղապահներու մեկնումի  գործընթացը։

Ըստ նոյն աղբիւրներու հրապարակած հաղորդագրութեան՝ խաղաղապահներու անձնակազմը իր զինամթերքով արդէն լքած է Քարվաճառի շրջանը գտնուող Դադիվանքի տարածքն ալ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ վանքը կը մնայ ենթակայ ազերպայճանցի ոստիկաններու քմահաճոյքին…։