Search
Close this search box.

Ռուս սահմանապահները խոչընդոտած են ԵՄ-ի դէտերու մուտքը Ներքին Հանդ

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը՝ Ներքին Հանդի միջադէպին մասին

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Փետրուար 21-ին լրագրողներու հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի հատուածին մէջ Ազերպայճանի վերջին յարձակման ընթացքին Հայաստան գտնուող ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը այդ հատուածը հասանելիութիւն չէ ունեցած։ Հոն ներկայ են Ռուսաստանի սահմանապահները, որոնք սակայն չեն յաջողած կանխել Ազերպայճանի յարձակումը։

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը աւելցուցած է, թէ «միանշանակ է, որ ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութիւնն ունի կայունութեան դերակատարութիւն մեր տարածաշրջանում, ուստի հայկական կողմն ամբողջութեամբ աջակցում է եւրոպացի դիտորդների գործունեութեանը եւ շարունակելու է աջակցել նաեւ ապագայում»։ Գրիգորեան յայտնած է նաեւ թէ հայկական կողմը տեղեակ է, որ ռուս սահմանապահները խոչընդոտած են ԵՄ-ի դէտերու մուտքը Ներքին Հանդ եւ այդ հարցը արդէն բարձրացուած է։

Յիշեցնենք, որ Ազերպայճան Փետրուար 13-ին, առաւօտէն սկսեալ քանի մը ժամ կրակ բացած էր Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով նահատակուած էին  հայ զինուոր, ուրիշ մըն ալ վիրաւորուած էր։

Իշխանութեան երեսփոխանը կը հերքէ Գրիգորեանի պնդումը

Միւս կողմէ, հետաքրքրական է նկատել, որ իշխանութեան իսկ շարքերէն դէմք մը, յանձին՝ Կապանէն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխան ընտրուած Նարեկ Ղահրամանեան յայտարարած է, թէ Ներքին Հանդի մէջ ռուսական սահմանապահներ գոյութիւն չունին, եւ հետեւաբար անոնք չէին կրնար կանխել ազերպայճանական յարձակումը, ինչպէս պնդած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։

Այլ խօսքով, ազգէս ներս՝ օրը նոր, բանավէճը նոր…։