Սաակաշվիլիի յորդորը՝ Փաշինեանին

Հոկտեմբեր 18-ին, Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլի բաց նամակով մը դիմած է վարչապետ Փաշինեանին՝ յորդորելով արագօրէն խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել Ազերպայճանի հետ։

«Որոշ ժամանակ յետոյ մենք կրնանք ապրիլ Մերձպալթեան երկիրներու պէս՝ բաց սահմաններով»,– գրած է Սաակաշվիլի, սակայն առանց յստակացնելու, թէ պատրա՞ստ է ատոր Ազերպայճանը, եւ արդեօք միայն Փաշինեանի յայտարարութի՞ւնը կը պակսի այդ հեռանկարին։

Նշենք, թէ ամսուն սկիզբը՝ Արցախի դէմ ազերպայճանական յարձակումէն ու հայաթափումէն յետոյ, Սաակաշվիլի ընկերային ցանցերուն մէջ շնորհաւորած էր Ազերպայճանը՝ իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելուն կապակցութեամբ եւ պնդած, թէ հիմա՝ Արցախի ինքնալուծարումէն ետք, տարածաշրջանին մէջ նոր հեռանկարներ բացուած են։ Նոյնը ան գրած է  Հայաստանի վարչապետին հասցէագրուած բաց նամակին մէջ։

«Դուք պէտք է պահանջէք, որ ռուսական ռազմակայանը անյապաղ լքէ Հայաստանը, պէտք է դուրս ելլէք ՀԱՊԿ-էն, ԱՊՀ-էն և դիմում ներկայացնէք Եւրոպական Միութեան ու ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու համար։ Պէտք է աճապարէք, որեւէ կասկած մէկ կողմ դնէք, երթաք ամէն ուժ ներդրելով»,– պնդած է Սաակաշվիլի, որ այժմ բանտարկուած է՝ նախագահի պաշտօնին իր դիրքը չարաշահելու մեղադրանքներով։

Խմբագրական