Search
Close this search box.

ՍԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հայաստանի եւ Սաուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարարներուն հանդիպումը

 

Ապրիլ 17-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան Ռիատի մէջ Հանդիպում ունեցած է Սաուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակից արքայազն Ֆեյսալ պին Ֆարհան ալ Սաուտի հետ։

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական աշխուժութիւնը՝ ընդգծելով, որ երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր բարձր մակարդակի այցելութեան կազմակերպումը՝ փոխադարձ գործակցութիւնը սերտացնելու լաւագոյն վկայութիւնն է:

Կողմերը անդրադարձած են առեւտրատնտեսական, զբօսաշրջութեան, կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: Շեշտուած է պարբերական ուղղակի թռիչքներու կարեւորութիւնը, որոնք կը նպաստեն նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու եւ գործարար կապերու խթանման։

Նախարարները քննարկած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներու մէջ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր, այդ կարգին՝ «World Expo 2030»-ի կազմակերպման շրջածիրին մէջ:

Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, թէ Հայաստան՝ արաբական բոլոր երկիրներու հետ կը զարգացնէ քաղաքական երկխօսութիւնն ու գործընկերութիւնը:

Նշենք, թէ 2023 Նոյեմբերին երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք, սա Հայաստանէն առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնն է։