Սերգէյ Ղազարեան «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է անմահներու յիշատակին

 

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան Սեպտեմբեր 2-ին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ Արցախի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին անունով ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած է հայրենիքի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած քաջորդիներու յիշատակին։

Նախարարը ծաղիկներ զետեղած է նաեւ այն զինուորներու շիրիմներուն, որոնց հարազատները Արցախի շրջափակման պատճառով կարելիութիւն չունին այցելելու «Եռաբլուր»։

Խմբագրական