Սեւան Նշանեանի թարգմանութեամբ լոյս տեսած է «Թուրքիոյ հայկական աշխարհագրութիւնը» հանրագիտարանը

 

«Նոր Մարմարա» – Հրապարակագիր, լրագրող Սեւան Նշանեանի անթերի թարգմանութեամբ լոյս տեսած է կոթողային աշխատութիւն մը՝ «Թուրքիոյ հայկական աշխարհագրութիւնը» հանրագիտարանը, որ վստահաբար շահեկան գիրք մը պիտի ըլլայ գրասէրներուն եւ հետազօտողներուն համար։ Գիրքի հիմնական աղբիւրը Վենետիկեան Մխիթարեան հայրերէն Սուքիաս Էփրիկեանի «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարանն է», զոր Էփրիկեան 1902-1907-ին սկսած է հրատարակել հայկական բնակավայրերու մասին, բայց երկրորդ հատորէն կիսատ թողած է։ Այժմ Սեւան Նշանեան ամբողջացուցած է այդ ուսումնասիրութիւնը, լրացուցած է պակասները եւ ահաւասիկ այս նոր հանրագիտարանը դրած՝ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ։ 

Էփրիկեանի բառարանը 20-րդ դարասկզբի Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ եւ անկէ դուրս հայկական բնակավայրերու մասին էր։ Այս հանրագիտարանով Նշանեան փորձած է ամբողջացնել բառարանը, օգտուելով Էփրիկեանի գործածած աղբիւրներէն։ Այսպէս թրքերէնի թարգմանուած են 19-րդ դարու կարկառուն դէմքեր՝ Ինճիճեանէն, Գարեգին Սրուանձտեանէն եւ Ալիշանի աշխատասիրութիւններէն կարեւոր հատուածներ։ 

Հայր Սուքիաս Էփրիկեան ծնած է 1873-ին, Ախալցխայի մէջ, որ այդ շրջանին կը գտնուէր Ռուսաստանի կայսրութեան տիրապետութեան տակ։ Ան Մխիթարեան միաբանութեան անդամ էր, իր կեանքի մէկ շրջանը անցուցած էր Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի վանքին մէջ։ Մահացած է Վենետիկ՝ 1952-ին։

Հանրագիտարանային աշխատութեան առաջին հատորը լոյս տեսած է 1902-ին, Վենետիկ։ Յետոյ մեծ ընդունելութիւն գտնելով, վերհրատարակուած է երկու բաժնով՝ 1903 եւ 1905 թուականներուն։ Երկրորդ հատորը բաւական մեծ ուշացումով լոյս տեսած է 1907-ին, իսկ միւս երկու հատորները անտիպ մնացած են։

Նորատիպ հանրագիտարանի նպատակն է տալ հայոց պատմութեան մէջ նշուած վայրերու ցանկը, նաեւ ամբողջական ցանկը այն վայրերուն, ուր գոյութիւն ունին հայկական համայնքներ։ Այդ վայրերու մօտաւորապէս կէսը բնականաբար կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս։ Աշխատութեան մէջ ընդարձակ տեղ յատկացուցած է կովկասեան երկիրներուն, որոնք 1900-ականներուն կը գտնուէին ռուսական տիրապետութեան ներքեւ, ինչպէս նաեւ կը յիշատակուին պատմական հայկական բնակավայրերը այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին են Իրան, Պուլկարիա, Ռումանիա, Լեհաստան ու Հնդկաստան։    

Թարգմանիչ Նշանեան գոհացած է միայն Էփրիկեանի բառարանի յօդուածներով, որոնք կ’առնչուին Թուրքիոյ ներկայի աշխարհագրութեան։ Ատոր համար է որ Էփրիկեանի 1314 էջնոց աշխատութիւնը կրճատուած է 650 էջի։ Ամբողջացուած են նաեւ կարգ մը նիւթեր, զորս Էփրիկեան կարելիութիւնը չէր ունեցած աւարտելու։ Այսպէս աւելցուած են աւելի քան 600 նոր անուններ։

Խմբագրական