Search
Close this search box.

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Ազերպայճանի պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարի կը վտարուի ԵԽԽՎ-էն

Յունուար 24-ին, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) քուէարկութեամբ որոշում կայացուց չվաւերացնելու Ազերպայճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները եւ առ այդ նուազագոյնը մէկ տարի զայն վտարեց ԵԽԽՎ-էն։ Այդ ընթացքին Պաքուի պատուիրակութիւնը կրնայ վերադառնալ մի՛այն իր կանոնակարգային պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային։ Լուրը կը հաղորդէ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։

«Վեհաժողովը վկայակոչած է 2023 Յունիսին ընդունած “Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը” բանաձեւը, ուր հաստատած է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ երթեւեկութեան բացակայութիւնը՝ ցնցուելով այն փաստէն, որ Ազերպայճանի ղեկավարութիւնը չէ ճանչցած շուրջ տասը ամիս տեւած իրավիճակէն բխող լուրջ մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց հետեւանքները: Վեհաժողովը խոր ափսոսանք կը յայտնէ, որ փաստահաւաք առաքելութեան ծիրին մէջ ԵԽԽՎ-ի զեկուցողը կարելիութիւն չէ ունեցած մեկնելու Լաչինի միջանցք։

Վեհաժողովը յիշատակած է նաեւ 2023 Հոկտեմբերին ընդունած “Մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ” բանաձեւը, ուր ԵԽԽՎ-ն դատապարտած է 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնները, որ յանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայ բնակչութեան փախուստին Հայաստան՝ յարուցելով ցեղային զտումի կասկած։ Նոյն այս բանաձեւին մէջ Վեհաժողովը ընդգծած էր, որ կանոնադրական պարտաւորութիւնները չկատարելու պարագային, Յունուարին պիտի չվաւերացնէ Ազերպայճանի  պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։

Խորհրդարանական վեհաժողովը կը նշէ, որ Եւրոպայի խորհուրդին միանալէ աւելի քան 20 տարի ետք Ազերպայճան չէ կատարած կազմակերպութեան անդամակցութենէն բխող իր հիմնական պարտաւորութիւնները: Լուրջ մտահոգութիւններ կան այդ երկրին մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կայացնելու կարելիութեան, իշխանութեան տարբեր խաւերու տարանջատման, գործադիրի բաղդատմամբ օրէնսդիր իշխանութեան թուլութեան, դատական իշխանութեան անկախութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան առնչութեամբ։

Վեհաժողովը կ՚ափսոսայ, որ հրաւիրուած չէ հետեւելու յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան՝ հակառակ անոր որ Ազերպայճան հրաւէր ուղարկելու պարտաւորութիւն ունի՝ իբրեւ դիտարկումի ենթակայ երկիր մը։ Վեհաժողովը մտահոգ է նաեւ, որ Կանոնադրական յանձնաժողովի համազեկուցողներուն արտօնութիւն չէ տրուած հանդիպելու քաղաքական դրդապատճառներով մեղադրուող կամ ձերբակալուած անձանց հետ»։

*  *. *

Փաստաթուղթը ընդունուած է 76 թեր, 10 դէմ եւ 4 ձեռնպահ ձայներու յարաբերութեամբ: Դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ պատուիրակութեան 9 անդամներ եւ երեսփոխան մըն ալ՝ Ալպանիայէն։ Ձեռնպահ մնացած են երկու պատուիրակ Զուիցերիայէն եւ մէկական երեսփոխան ալ Նորվեկիայէն ու Պոսնիայէն

***

Վտարման նուաստացումը կանխելու միտումով…

Նոյն օրը՝ Յունուար 24-ին, վերոնշեալ քուէարկութենէն առաջ, ԵԽԽՎ-ի մէջ ներկայացուած ազերպայճանական պատուիրակութիւնը, անկասկած վտարման պատճառելիք նուաստացումը կանխելու միտումով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ նշելով, թէ կը դադրեցնէ իր համագործակցութիւնը այս կառոյցին հետ եւ մասնակցութիւնը՝ Կազմակերպութեան աշխատանքներուն։

«Այս որոշումը կայացուած է Վեհաժողովին մէջ տիրող այլատեացութեան, Ազերպայճանի նակմամբ ատելութեան եւ իսլամատեացութեան անտանելի մթնոլորտին պատճառով»,– մասնաւորապէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հաղորդագրութեան ընթերցումէն անմիջապէս ետք, ազերպայճանական պատուիրակութիւնը մեկնած է դահլիճէն։