Search
Close this search box.

Սողոմոն Թեհլիրեանի ազգականները արժէքաւոր նիւթեր յանձնած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին

 

Ապրիլ 20-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ հիւրընկալուած են Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր զաւկին՝ Սամուէլի թոռնուհիները` Արփի Օսկանեան և Անուշ Օսկանեան-Օհանեան։ Անոնք իրենց ընտանեկան մասունքները՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի անտիպ յուշատետրը եւ ինը լուսանկար յանձնած են ցեղասպանութեան թանգարանին:

Տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ բացառիկ նիւթերու նուիրաբերման համար՝ յուսալով որ անոնք, մասնաւորապէս յուշատետրը, նոր լոյս կը սփռեն Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքի եւ հայոց պատմութեան հերոսական էջերէն Նեմեսիս գործողութեան առանձին դրուագներու վրայ: «Սողոմոն Թեհլիրեանը մերն է, բայց ան նաեւ աշխարհինն է»,– ընդգծած է Գզոյեան:

Ի նշան երախտագիտութեան՝ ան Թեհլիրեանի ազգականներուն յանձնած է ապրիլքսանչորսեան ծաղկաթերթերէն պատրաստուած շնորհակալագրեր: