Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Հովուական այցելութիւն Տերիքի ազգային «Ազատութիւն» վարժարանին

Հոկտեմբեր 20-ի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան հովուական այցելութեամբ մեկնած է Տերիք, ընկերակցութեամբ թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան կազմերուն։

Հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող ազգայինները ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուած են Տերիքի թաղականութեան, տեղւոյն ազգային «Ազատութիւն» վարժարանի տնօրէնուհիին, ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ, որոնք կանչերով եւ երգերով ողջունած են հիւրերը։

Առաջնորդական փոխանորդը վարժարանի շրջափակին մէջ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսած է. “Դուք էք մեր յոյսը եւ գաղութի ապագան։ Ձեզմով կը ծաղկին հայ կեանքն ու մշակոյթը սահմանամերձ այս հողին վրայ։ Դուք պատնէշն էք եւ պահապանը հայ լեզուին, ինչպէս մեծ գրագէտ Լեւոն Շանթ ըսած է. «Երկու միջոց կայ` դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել եւ հայ հոգիներու մէջ ազգայինը բարձրացնել»։ Դուք ալ միշտ տէր եղէք հայ գիրին ու լեզուին, որպէսզի ծաղկի հայ կեանքը”։

Այնուհետեւ հայր սուրբը հանդիպում ունեցած է թաղականութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին հետ՝ իրազեկ դառնալու վարժարանի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանի դժուարութիւններուն, վարժարանի աշակերտութեան մաղթելով բարի եւ անփորձանք տարեշրջան։

Բժ. ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ