ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Սրբազան հօր ձեռամբ Գամիշլիի մէջ բացումը կատարուած է  վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» սրահին

Կիրակի, Դեկտեմբեր 17-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպիսկ. Աշգարեանի ձեռամբ հանդիսաւոր բացումը կատարուած է վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» սրահին, ներկայութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, Արմէն աբղ. Գալաճեանի, Պսակ քհնյ Պէրպէրեանի, շրջանի ազգ. երեսփոխաններու, Գամիշլիի թաղական խորհուրդին, եկեղեցասիրաց յանձնախումբին, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ տնօրէններուն, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին, բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն։

Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդին, կտրած է ժապաւէնը եւ բարեկարգուած սրահին մէջ շրջելով իր ուրախութիւնը յայտնած՝ տարուած բծախնդիր աշխատանքին համար:

Սրահի բարեզարդման նախագիծին հեղինակն է երիտասարդ Ռիթա Կարապետեան:

Սրբազան հայրը գնահատած է Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդին եւ թաղական խորհուրդին տարած աշխատանքը եւ մաղթած, որ գամիշլիահայ միութիւններուն եւ մարմիններուն հետ միասին շահեկան ձեռնարկներ կը կազմակերպուին սրահէն ներս, ա՛լ աւելի պայծառացնելով ազգային-եկեղեցական կեանքը:

Հանդիսութեան աւարտին սարքուած է սիրոյ սեղան մը:

Խմբագրական