Search
Close this search box.

Ստրկացում կամ տարագրութիւն

Մինչ Եւրոպացիները Լամփատուզայի գաղթականներու տագնապով զբաղած են, Ազերպայճան լայնածաւալ յարձակումի անցաւ Արցախահայութիւնը տեղահան ընելու միտումով։ Հակաահաբեկչական գործողութիւններու պատրուակով հրետակոծում ու մինչեւ իսկ ռազմական օդանաւային հարուածներ ամբողջ Արցախի սահմանի երկայնքով, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Արցախի այլ բնակավայրերու  ռմբակոծում։ Կան բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ, որոնց մէջ երախաներ։ Անօթութեամբ բնաջնջելու ծրագրին յաջորդեց զինեալ միջոցով՝ վախի ու մահուան սպառնալիքով բնակչութիւնը իր օրրանէն վտարելու գործողութիւնը։ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ թէ մարդասիրական միջանցք մը բացած են Բերձոր, պատերազմի թատերաբեմէն հեռանալ ցանկացողներուն համար։ Այս յայտարարութիւնը ինքնին շատ խօսուն փաստ է Ազերպայճանի հետապնդած գլխաւոր նպատակին։

Ալիեւի օգնականը՝ Հիքմէթ Հաճիեւ աւելի ուղիղ յայտարարեց, որ գործողութիւնները պիտի չդադրին, մինչեւ որ Արցախի բանակը չլուծարուի։ Արցախի արդէն իննամսեայ շրջափակումը մեծ վնաս հասցուցած է բնակչութեան առողջութեան։ Իսկ անցեալ երկու շաբաթներուն բանակային կուտակումները կը յուշէին յանկարծակի յարձակումի մը նախապատրաստութիւնը։ Եւ դեռ մէկ օր չէր անցած, որ մարդասիրական բեռնակառքերը Միջազգային Կարմիր խաչի կազմակերպութեան միջոցով Բերձորէն եւ Ակնայէն Արցախ մուտք գործեցին,– եւ որուն համար աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներէն շնորհաւորանքի հաղորդագրութիւններ լոյս տեսան,– արդէն սկսաւ յարձակումը։

Այս լայնածաւալ յարձակումը կանխելու ի՞նչ միջոցներ կային։ Ճիշդ է, որ 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնութիւնը շփման գիծին վրայ իրադրութիւնը վերահսկելու կոչուած յատուկ կեդրոն մը նախատեսած է, ռուսեւթուրք համատեղ զինուորական գրասենեակ մը։ Ռուս խաղաղապահ զօրքերը Արցախի սահմանին խաղաղութեան պահպանման երաշխաւորներն են եւ յայտնապէս թերացած են այդ պարտականութեան մէջ։ Սակայն, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց քանի մը յայտարարութիւն, հերքելով ռուս խաղաղապահ զօրքերու պատասխանատւութիւնը։ Մինչդեռ, ազերական կողմը ռազմական գործողութիւնները սկսելէ 5 վայրկեան առաջ զգուշացուցած է զանոնք։ Այսինքն՝ շփման գիծին վրայ խաղաղութիւնը պահպանելու կոչուած մարմինը անպատասխանատու գտնուած է։ Հարկ է նշել նաեւ, որ ռուսական զօրքերը զէնքի դիմելու իրաւունք չունին ցորչափ իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Այս մասին Փութինի բանբեր Փեսքով ալ յայտարարած է, թէ Ռուսաստանի համար առաջնահերթութիւնը ռուս խաղաղապահներուն անվտանգութիւնն է։ Ապա կան նաեւ Ռուսաստանի՝ Արցախեան հարցի կարգաւորումը դիւանագիտական հուն վերադարձնելու ջանքերը…

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կապերը շատ վատթարացած են։ Ռուսաստան վրդոված է Հայաստանի իշխանութեան իր հասցէին պարբերաբար հնչեցուցած քննադատութիւններէն, թէ կը զլանայ Հայաստանի՝ իր ռազմավարական գործընկերոջ նկատմամբ պարտաւորութիւնները։ Ապշեցուցիչ է, որ ռուսական կողմը այս յարձակման մասին Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին տեղեկութիւն չէ հաղորդած։

Միջազգային հանրութեան կողմէ ամէնէն յանդուգն հակազդեցութիւնը եկաւ Ֆրանսայէն, որ առանց վարանումի դատապարտեց ազերական յարձակումը եւ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի դիմէ։ 

Բնականաբար Արցախի վրայ յարձակումը Երեւանի մէջ ալ մեծ տագնապ ստեղծած է։ Կառավարութեան շէնքին դիմաց հաւաքուած են Արցախի ճակատագրով մտահոգ քաղաքացիներ, որոնք Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահաջեն ռազմական միջոցներով բանալ Բերձորի միջանցքը։ Այս խումբին մէջ կան նաեւ անձեր, որոնք ուղղակի Փաշինեանի կառավարութիւնը տապալելու կոչեր կ՚ընեն։ Հազիւ թէ Երեւանի ընտրութիւնները աւարտեցան առանց ստեղծելու ներքին քաղաքական կայունութիւնը խախտող իրավիճակ, եւ ահաւասիկ Հայաստանի անկախութեան նախօրեակին դարձեալ կը յայտնուին այդ կայունութեան սպառնացող կոչեր, Արցախի պաշտպանութիւնը պատրուակելով։

Ժ.Չ. ■