Վարչապետը ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը

Յունուար 19-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Գոլոմինան:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: 

Վարչապետը անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան իրավիճակին, Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն։ 

Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններու կապակցութեամբ, որոնք կը հակասեն բանակցութիւններու տրամաբանութեան եւ կը նպաստեն տարածաշրջանի լարումին: 

Այս շրջածիրին մէջ վարչապետը ընդգծած է միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգը եւ գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղուած Հարաւային Կովկասի կայունութեան ու խաղաղութեան:

Խմբագրական