Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Իրաքի նախագահին հետ

Նոյեմբեր 22-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան, Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի դէմ Ազերպայճանի վարած ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով աւելի քան հարիւր հազար տեղահանուած բնակչութեան մարդասիրական խնդիրներն ու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրագործուող քայլերը:

“Մեր երկիրներու միջև հարուստ մշակութային եւ պատմական կապեր կան, եւ ուրախութեամբ պիտի արձանագրեմ, որ կը նկատուի նաեւ որոշ աշխուժութիւն տնտեսական կապերու: Կը յուսամ, որ Հայաստան-Իրաք տնտեսական համագործակցութիւնը առաւել կը զարգանայ”,– ըսած է Փաշինեան:

Իրաքի նախագահն ալ իր կարգին նշած է. “Կը փափաքիմ իմ զօրակցութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին` տեղի ունեցած արհաւիրքի` Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ: Անձամբ ներկայ եղած եմ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններուն: Կ՚ուզեմ կարեւորութեամբ ընդգծել Իրաքի հայ համայնքին դերը, որու գոյութիւնը մեր երկրին մէջ կու գայ հնագոյն ժամանակներէն, խօսքը շուրջ 10 հազար տարուան մասին է: Իրաքի ժողովուրդը մեծ օգուտներ քաղած է հայ բնակչութենէն, որոնց մէջ կան բժիշկներ, գիտնականներ, տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներ”:

Հայաստանի վարչապետը եւ Իրաքի նախագահը քննարկած են նաեւ տնտեսութեան, առեւտրաշրջանառութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, ուժանիւթի, ջրային պաշարներու, զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հարցեր:

Նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտ նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի իր պաշտօնակից Վահագն Խաչատուրեանի հետ։

***

Իրաքի նախագահը այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ յաւերժական  բոցին առջեւ իր յարգանքի տուրքը մատուցած է Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։ Քանի որ մարդիկ «ոչ միայն իրաւունք չունին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, այլեւ պէտք չէ նոյնիսկ յարգեն զոհերու յիշատակը», այս երեւոյթը բուռն զայրոյթ պատճառած է Թուրքերուն։ Թուրք մամուլը նուաստացուցիչ ու արհամարհական որակումներ հասցէագրելով Իրաքի նախագահին, խստօրէն քննադատած ու դատապարտած է Ծիծեռնակաբերդ անոր այցելութիւնը։